2010-09-28 12:59:38

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը։


Նորին Սրբութիւնը Իր Երախտագիտութիւնը Կը Յայտնէ ՜՜Գասդել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական Ամարանոցի Անձնակազմին։

Երեք ամսուայ կեցութենէ ետք, քահանայապետական ամարանոցին մէջ, Նորին Սրբութիւնը կը պատրաստուի Հռոմ վերադառնալ, ուրբաթ օրը։

Զուիցերական սրահին մէջ, Սրբազան Հայրը ընդունեց բոլոր այն պաշտօնեաները որոնք սատարեցին, որպէսզի ան լաւագոյն կերպով անցնէր այս երեք ամիսները։

Սրբազան Հայրը իւրաքանչիւր խումբին յայտնեց  իր երախտագիտութիւնն ու գնահատանքը, իրենց բերած խնամատարութեան համար. եւ մասնաւորապէս իր շնորհակալութեան խօսքը ուղղեց թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Սեմերարոյին ու շրջանի կղերին։








All the contents on this site are copyrighted ©.