2010-09-28 13:59:26

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ
Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Ա. Համագումարը
Պէյրութ (Լիբանան) 24-25 սեպտեմբեր 2010


Հաղորդագրութիւն


Նախագահութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց ամենապատիւ տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքի, եւ կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներուն Պատրիարքական յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու Ա. համագումարը, ուրբաթ եւ շաբաթ 24-25 սեպտեմբեր 2010-ին, հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ:

Այս համագումարին մասնակցեցան Լիբանանէն, Սուրիայէն եւ Իտալիայէն պատասխանատուներ եւ գործակիցներ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ լսատեսողական եւ գրային հաղորդամիջոցներուն (շուրջ 40 մասնակիցներ), ներկայութեամբ եպիսկոպոսներու, քահանաներու, նուիրեալ քոյրերու, եւ մամուլի աշխատաւորներու:

Համագումարը սկիզբ առաւ ուրբաթ 24 սեպտեմբերին, կէսօրէ ետք ժամը 16:00-ին, աղօթքով , որմէ ետք ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ներկաներուն ողջոյնի խօսքը փոխանցեց: Իր խօսքին մէջ ան շեշտեց լրագրողի առաքելութեան մասին, որ կը կայանայ ՝՝ճշմարտութիւնը փոխանցելու մէջ՝՝: Ան արժեւորելով լրագրողին առաքելութիւնը, ըսաւ. «կ՛արժէ շինել ուր միւսները կը քանդեն, մաքրել ուր չարագործները կը կեղտոտեն, լուսաբանել ուր շահագործները կը պղտորեն»: Այսուհետեւ խօսք առաւ հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընկերային հաղորդամիջոցներու Պատրիարքական յանձնախումբի նախագահ՝ հայր Ռաֆայէլ թ.ծ.վ. Մինասեան, որ պարզեց ընկերային հաղորդամիջոցներու դերակատարութիւնը Եկեղեցւոյ մէջ, եւ համագումարին նպատակը՝՝հարստացնել քրիստոնեայ ներկայութիւնը Միջին Արեւելքին մէջ՝՝ : Հայ կաթողիկէ Պատրիարքարանի սուրբ Գրիգոր Նարեկացի կեդրոնին խօսքը փոխանցեց հայր Վարդան վ. Գազանճեան, որ ներկայացուց հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաղորդամիջոցներու աշխարհագրական եւ աշխատանքային առանցքը այսօր: Հայր Անդրանիկ ծ.վ. Կռանեան ներկայացուց ստեղծուելիք հաղորդասփռումի մարմնի մասին կարգ մը հարցադրումներ եւ առաջարկներ: Կարճ դադարէ մը ետք, տեղի ունեցաւ հայ կաթողիկէ բացակայ եւ ներկայ հաղորդամիջոցներու ներկայացուցիչներու եւ անոնց ուղարկած զեկուցումերու ընթերցումը: Առ այդ, ժողովի ընթացքին արծարծուեցան շինիչ գաղափարներ, հիմնական պէտքեր եւ առաջադրանքներ, որոնք կ՛արժեւորեն դարուս հաղորդամիջոցներու զարգացման հոլովոյթը, որպէսզի լուրը հասնի ամենայն ճշգրտութեամբ:

Իսկ շաբաթ 25 սեպտեմբերին առաւօտեան ժամը 9:30-ին, ողջոյնի խօսքէն ետք, նախորդ օրուան ատենագրութիւնը ընթերցուեցաւ: Որմէ յետոյ տեղի ունեցաւ կարծիքներու փոխանակում, որու ընթացքին ժողովականները ներկայացուցին իրենց գործնական առաջարկները: Այսուհետեւ, անոնք յանգեցան ուղեգիծի, որ կը պարփակէ՝

ա- որակաւորել լուրերը, տեղեկութիւնները եւ միջոցները,
բ- աշխուժացնել մամլոյ աշխատանքը մանաւանդ նորագոյն հաղորդամիջոցներու ճամբով,
գ- հաստատել կարեւորութիւնը հաւատքը փոխանցելու այս հաղորդամիջոցներով,
դ- ապահովել այս աշխատանքին շարունակականութիւնը ապագայ սերունդներուն համար, զայն փոխադրելով անհատական նախաձեռնութեան մարզէն դէպի հաստատութենականացում:

Փակման հանդիսութեան մասնակցեցան լիբանանահայ հաղորդամիջոցներու գործակիցները:

Հուսկ, համագումարին մասնակցողները շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր կազմակերպողներուն եւ ողջունեցին բոլոր անհատական եւ հաւաքական նախաձեռնութիւնները, որոնք կը սատարեն Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան հանդէպ հաղորդամիջոցներու առաքելութեան, եւ կ՛ադրադառնան այն ինչ որ նշած է Միջին Արեւելքի յատուկ եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսին գործին թղթածրարը, իբրեւ նախապատրաստութիւն սոյն սիւնհոդոսին, որ պիտի գումարուի 10-էն 24 հոկտեմբեր, եւ կը գիտակցին թէ հաղորդամիջոցներուն լա ւ պատրաստութիւնը, վերանորոգուած հոգին եւ կարգապահ աշխատանքը կարող պիտի ըլլան յայտնելու իսկական հաղորդութիւնը Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն միջեւ: Մասնակցողները նորոգեցին իրենց հաւատարմութիւնը շարունակելու իրենց առաքելութիւնը այս հաղորդամիջոցներու ճանապարհով եւ ամրապնդելու այլ հանդիպումներու ընթացքին բոլորին միջեւ գործակցութիւնը Աստուծոյ շնորհքով:







All the contents on this site are copyrighted ©.