2010-09-28 13:50:05

Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Միջնորդութիւն Կը Կատարէ Ազրպէյճանցի Զինուորի Մը Դիակը Վերադարձնելու Գծով.


Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոս, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ քննարկեց Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ 18 յունիսին զոհուած ազրպէյճանցի Մուպարիզ Իպրահիմովի դիակը վերադարձնելու հարցը։ Վահրամ քհնյ Մելիքեան ՝՝Ազատութիւն՝՝ ռատիոկայանին յայտնեց, որ Կովկասի մահմետականներու հոգեւոր վարչութեան նախագահ Շէյխ Ուլ Իսլամ Փաշազատէ, դիակը վերադարձնելու հարցին գծով դիմած էր Համայն Ռուսիոյ պատրիարք Քիրիլ Ա.ի միջնորդութեան։ Քիրիլ Ա. Պատրիարք սեպտեմբերի սկիզբը խնդրանքը փոխանցեց Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին։ Ըստ Մելիքեանի, այս առիթով վեհափառը հանդիպեցաւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ եւ քննարկման արդիւնքները փոխանցեց ռուս պատրիարքին։ Ըստ «տէր հօր, Գարեգին Բ. կաթողիկոսը տեղեկացուցած է, որ հայկական կողմը միշտ բարիացակամ գտնուած է եւ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան միջոցով կազմակերպած է ռազմագերիներու, զոհուած զինուորներու դիակներու վերադարձը ազրպէյճանական կողմին։ «Սակայն, Ազրպէյճան ոչ միայն դադրեցուցած է նոյն ձեւով վարուիլը, այլեւ յաճախակի սադրիչ փորձեր կը կատարէ ներթափանցելու Լեռնային Ղարաբաղի տարածք, ինչ որ բնաւ չի նպաստեր տագնապի խաղաղ լուծման եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի ձեւաւորման»(շեշտեցՎահրամ քահանայ Մելիքեան)։
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահի բանբեր Դաւիթ Պապայեան տարակուսանք յայտնեց՝ ըսելով. «Ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՞ւ հայկական կողմին կը դիմեն։ Մենք սովորաբար միշտ կը վերադարձնենք ըլլա՛յ դիակ, ըլլա՛յ գերի ինկած զինուոր։ Բայց այդ անձը զոհուած է չէզոք գօտիի մէջ։ Եթէ ազրպէյճանցիները կ'ուզեն իրապէս անոր դիակը ունենալ , պէտք է համապատասխան դիմում ըլլայ, երթան այդ չէզոք գօտին եւ դուրս բերեն։ Իսկ յատուկ մեր զօրքերը ինչո՞ւ պիտի երթան չէզոք գօտիին մէջ փնտռեն ազրպէյճանցիին դիակը ու վերադարձնեն անոնք՝ քիչ մը անտրամաբանական չէ։ Եւ մեզի կը մեղադրեն, այդ դիակը պահելու գործին մէջ, ինչ որ, ի հարկէ, չի համապատասխաներ իրականութեան»։







All the contents on this site are copyrighted ©.