2010-09-28 12:46:39

Գարեգին Բ. Բացումը Կատարեց Վանաձորի՝ Հայորդեաց Տան։


Հանդիսապետութեամբ' Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ մասնակցութեամբ' Հայ Եկեղեցւոյ բարերարներ տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Հռութ Բեդեւեաններու, 23 Սեպտեմբերին, տեղի ունեցաւ Վանաձոր քաղաքի Ս. Գրիգոր Նարեկացի Հայորդեաց տան բացման արարողութիւնը որ սկիզբ առաւ Ս. Գրիգոր Նարեկացի առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեամբ բարերարներու ընտանիքի ննջեցեալներու հոգիներու համար, որմէ ետք ալ բացումը՝ Վանաձորի Հայորդեաց տան որուն հիմնարկէքը կատարուած էր 30 օգոստոս 2007ին։

Աւանդական աղ ու հացի օրհնութենէն ետք զոր ներկայացուցին մանուկները՝ ազգային տարազներով, ու փողային նուագախումբի երաժշտութեան եւ ծափահարութիւններու ներքոյ Վեհափառը ու տէր եւ տիկին Բեդեւեանները հատեցին մուտքի կարմիր ժապաւէնը, ապա ծանօթացան շէնքի պայմաններուն, դիտեցին բարեգործական ճաշարանի մասնաբաժինը եւ մանկական խաղադաշտը, որմէ ետք ալ Վեհափառը եկեղեցական դասին հետ միասին կատարեց նորաբաց Հայորդեաց տան օրհնութեան արարողութիւնը։ Աղօթքին յաջորդեցին ողջոյնի խօսքերը, հուսկ՝ օրհնութեան եւ գնահատանքի իր խօսքը ներկաներուն ուղղեց Գարեգին Բ ։

՜՜Ամէնքս հոգու բերկրանքի մէջ ենք, որովհետեւ իր դռները բացած է մի կառոյց, ուր մեր զաւակները մուտք պիտի գործեն, կրթուին ու դաստիարակուին։ Եւ ինչպէ՞ս չուրախանանք քանի որ՝ մենք կ՝ապրինք մեր զաւակներու համար՝՝։

Ապա դիմելով ծնողներուն եւ մանկավարժներուն վեհափառը պատգամեց ՜՜Տեսէ'ք ձեր զաւակներու մէջ Աստուծոյ պատկերը։ Քրիստոսի պատգամն ունեցէք՝ զաւակներուն հոգ տանելու, անոնց կեանքի ճանապարհը հարթելու, որպէսզի որպէս աստուածասէր զաւակներ կերտեն մեր կեանքի երջանկութիւնը, Աստուծոյ օրհնութիւնն իջեցնեն մեր կեանքէն ներս՝՝։ Գարեգին Բ. մասնաւոր իր գնահատանքն ու օրհնութիւնը յայտնեց տէր եւ տիկին Սարգիս եւ Հռութ Բեդեւեաններուն, եւ բոլոր անոնց որոնք նպաստեցին այս ծրագրին իրագործման։

Հայրապետական պատգամին յաջորդեց Վանաձորի Ս Գրիգոր Նարեկացի հայորդեաց տան եւ Երեւանի Նորքի հայորդեաց տան սաներու համերգային ծրագիրը, որու աւարտին մանուկները բարերարներուն նուիրեցին իրենց ձեռագործ աշխատանքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.