2010-09-27 13:19:01

Օպամա-Ալիեւ Տեսակցութիւնը։


Սպիտակ Տունը հաղորդագրութեան մը մէջ նշած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ ունեցած իր հանդիպումին ընթացքին , դարձեալ շեշտած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդիրը խաղաղ միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։ Օպամա հաստատած է, որ Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն աջակցիլ Մինսքի Խմբակի ջանքերուն, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ,ընդգծելով ՝շփման գիծին վրայ զինադադարի պահպանման, ինչպէս նաեւ ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու, տարածքային ամբողջականութեան, իրաւահաւասարութեան եւ ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի Հելսինքեան սկզբունքներուն համաձայն տագնապը խաղաղ միջոցներով լուծելու անհրաժեշտութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.