Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յատուկ քարտուղարը` գերապայծառ Գէորգ Կանշվէյն արժանացաւ
գրական մրցանակի մը ''Պենետիկտոս ԺԶ-ի հետ Աշխարհի ուղիներու վրայ'' իր հրապարակած գիրքին
համար։ Մրցանակի տուուչութեան արարողութեան ընթացքին, ան ներկայացուց Սրբազան Հօր քահանայապետութեան
հինգ տարուայ հաշուեյարդարը. ՜՜Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, ըսաւ ան, եղաւ բոլորիս համար
նորութիւն եւ շարունակականութիւն։ Պենետիկտոս ԺԶ-ը Քահանայապետն է խօսքի զօրութեան։
Ճշմարիտ աստուածաբան եւ մարդ մը որ կը խօսի Աստուծոյ մասին։ Բոլորիս համար ան եղաւ ակնկալութիւն
մը։ Ան մեծ հեզութեամբ ստանձնեց Ս. ՊԵտրոսի յաջորդի պաշտօնը եւ իր հովուական գործունէութեամբ
զարմացուց աշխարհը՝՝։
Քահանայապետին քարտուղարը իր խօսքը եզրափակեց ընդգծելով.՜՜
Սրբազան Հայրը չի դադրիր կրկնելէ թէ հաւատքը մեզի կ'օգնէ լաւապէս ապրելու, հաւատքը ուրախութիւն
կու տայ, հաւատքը աստուածային մեծ պարգեւ մըն է։ Ասոնք են Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի
մեծ համոզումները՝՝։