2010-09-27 12:46:03

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Գործունէութիւնը

Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ


Սրբազան Քահանայապետին ճառը Պրազիլի եպիսկոպոսներուն։

Սրբազան Հայրը, ընդունելով Պրազիլի Արեւելեան շրջանի 21 եպիսկոպոսները, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութեան աւարտին, ըսաւ անոնց. ՜՜Եկեղեցւոյ ուրախութիւնը պէտք է տարծուի եւ ողողէ աշխարհը՝՝, մատնանշելով որ ՜՜ ներումը աղբիւրն է այդ ուրախութեան, քանի ներումով կարելի է բարենորոգել ընկերութիւնը՝՝։ Ապա Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ թէ ՜՜բոլոր մարդիկը պէտք ունին Յիսուս Քրիստոսի, ու Եկեղեցին աշխարհի ճշմարիտ երիտասարդութիւնն է՝՝։

Նախապէս, Պրազիլի Արեւելեան շրջանի եպիսկոպոսներու նախագահը` գերապայծառ Սիֆուէնդես Սրբազան Հօր ուղղած՝ ուղերձին մէջ, իր խնդակցութիւնը յայտնեց քահանայական կոչումներու աճումին ի տես, եւ գովքը հիւսեց Ռիօ տէ Ժաներոյի մարզի հաւատացեալներու բարեպաշտութեան ու աստուասիրութեան, միաժամանակ ան իր ցաւը յայտնեց ընկերային, տնտեսական եւ մշակութային անհաւասարութեան մեծ հարցերուն ի տես։








All the contents on this site are copyrighted ©.