2010-09-25 12:21:12

Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կը Զարգանայ


Հայաստանի Եւ Իրանի Միջեւ Գործակցութիւնը Կը Զարգանայ

Թեհրան- Սեպտեմբեր 15ին, երկօրեայ պաշտօնական այցով Թեհրան մեկնած Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը՝ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում մը ունեցած է Իրանի նախագահ Մահմուտ Ահմատինեժատիի հետ:

Նոյն օրը, Իրանի մայրաքաղաքին մէջ, նախարար Նալբանդեան հանդիպած է նաեւ իր պաշտօնակիցին՝ Մանուչեր Մոթթաքիին, որուն հետ անդրադարձած է հայ-իրանական միջկառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունին տնտեսական համագործակցութեան, համատեղ ծրագիրներու մշակման եւ իրականացման գործին մէջ:

Մշակութային փոխանակումներու ենթաթեքստին մէջ կողմերը կարեւոր համարած են փոխադարձ մշակոյթի օրերու իրականացումը եւ միտքեր փոխանակած՝ զբօսաշրջութեան խթանման ուղիներուն մասին: Իսկ երեկոյեան, Հայաստանի արտգործ նախարարը այցելած է Իրանահայոց թեմի առաջնորդարան, ուր զինք ընդունած է Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Սեպուհ արք. Սարգիսեան: Հանդիպման ներկայ եղած են Իրանի Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Արհիապատիւ Նշան արք. Գարաքեհէեան, Իրանի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Սերգէյ Շահվերդեան նաեւ Թեմական եւ Կրթական խորհուրդներու, ազգային մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ:

Հանդիպման ընթացքին սրբազանը ընդգծած է Հայաստանի անկախութեան յաջորդող տարիներուն սփիւռքահայութեան զօրակցութիւնը, աշխուժութիւնը, եռանդն ու յանձնառութիւնը Հայաստանին, մասնաւորաբար՝ իրանահայութեան կողմէ:








All the contents on this site are copyrighted ©.