2010-09-24 13:31:58

Սրբազան Քահանայապետի նամակին ներկայացումը ՜՜Ընտանիքի համաշխարհային 7-րդ օրուան առթիւ:


՝՝,Ս. Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մօտ, տեղի ունեցաւ Սրբազան Քահանայապետի նամակին ներկայացումը ՜՜Ընտանիքի համաշխարհային 7-րդ օրուան առթիւ՝՝, որ տեղի պիտի ունենայ Իտալիոյ Միլանօ քաղաքը 30 մայիսէն 3 յունիս 2012ին, հետեւեալ բնաբանով. ''Ընտանիքը. աշխատանքը եւ տօնը''։

Սրբազան Հօր նամակը մամուլին ներկայացուց կարտինալ Անթոնելլի, նախագահը՝ ընտանիքի քահանայապետական խորհուրդին։

Սրբազան Հայրը կարտինալին ուղղած նամակով կը գրէ թէ աշխատանքը եւ տօնը սերտօրէն առընչուած են ընտանիքի կեանքին հետ։ Ս. Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ ընտանիքը, աշխատանքը եւ տօնը ՜՜Աստուծոյ պարգեւներ՝՝ են եւ ՜՜օրհնութիւն մարդավայել կեանք մը ապրելու համար՝՝։

Այսօր, կը գրէ Սրբազան Հայրը, դժբախտաբար աշխատանքի կազմակերպութիւնը ենթակայ է շուկայի շահերուն, իսկ տօնը դարձած է՝ լոկ ժամանց եւ սպառում։ Այս ամէնը կը սատարէ ընտանիքի քայքայման եւ կը մղէ անհատապաշտութեան։ Ասոր համար հարկաւոր է զարգացնել խորհրդածութիւն մը եւ յանձնառումը՝ վերագտնելու իմաստը աշխատանքին, ընտանիքին եւ տօնին, մասնաւորապէս կիրակի օրը` շաբաթական զատիկը, Տիրոջ օրը, մարդու օրը եւ օրը ընտանիքին, համայնքին եւ զօրակցութեան։ Ուստի յառաջիկայ ընտանիքի համաշխարհային հանդիպումը բարեպատեհ առիթ մըն է վերամտածելու աշխատանքը, ընտանիքը եւ տօնը միացեալ ընտանիքի եւ բաց ու հիւրընկալ կեանքի հեռանկարով։

Ընտանիքի համաշխարհային 7-րդ հանդիպումը, նախորդ հանդիպումներու նման հինգ օր պիտի տեւէ, եւ պիտի եզրափակուի՝ շաբաթ օրը ''վկայութեան տօնով'' Սրբազան Քահանայապետի հանդիսապետութեամբ` եւ կիրակի օրը հանդիսաւոր պատարագով։








All the contents on this site are copyrighted ©.