2010-09-24 13:14:01

Հայստանի Քայլերգը Հնչեց Թուրքիոյ Մէջ։ Տիգրան Մարտիրոսեան Աշխարհի Ախոյան.


Հայաստանի Հանրապետութեան քայլերգը հնչեց երէկ Թուրքիոյ Անթալիա քաղաքին մէջ, երբ աշխարհի ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան մրցումներուն ընթացքին Հայաստանի ներկայացուցիչը՝ Տիգրան Մարտիրոսեան (22 տարեկան) 77 քկ դասակարգին մէջ հանդիսացաւ աշխարհի ախոյեան՝ գերազանցելով իր մրցակիցները։ Հայաստան աշխարհի ախոյեան մը ունեցաւ Թուրքիոյ մէջ՝ շնորհիւ Մարտիրոսեանի (22 տարեկան), որ յաջողեցաւ ընդամէնը բարձրացնել 373 քկ (173 եւ 200) եւ պարտադրել, որ Հայաստանի քայլերգը հնչէ Թուրքիոյ մէջ։ Երկրորդ հանդիսացաւ Հիոյուն Լու (Չինաստան), որ բարձրացուց 370 քկ (170 եւ 200), իսկ երրորդ՝ եգիպտացի Թարեք Եահիա (356)։








All the contents on this site are copyrighted ©.