2010-09-23 14:34:28

ԿՐՕՆԱԲԱՐՈՅԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ։


 Մհերին արդարութիւնը

Փոքր Մհերին դիւցազներգութիւնը սորված էի հայոց պատմութեան դասապահերուն ընթացքին։ Պատանեկան օրերուն չէի կրնար զանազանել իրականը ժողովրդային դիցաբանութենէն։ Այն, ինչ որ տպաւորած էր իմ պատանեկան միտքս ու երեւակայութիւնս անոր ուժն էր, եւ թէ ինչպէ՛ս դէմ կը դնէր թշնամիին՝ իր ժողովուրդի պաշտպանութեան համար։ Սասնայ ծռերի պատմութիւնները մեր ուսուցիչները կը պատմէին ամենայն խանդավառութեամբ եւ անոր մէջէն վեր կառնէին Առիւծ Մհերի կերպարը։ Այսպիսով, ան դարձած էր ուժի մարմնաւորումը, այդ պատճառով ալ հիացմունքով սորված էի պատմութիւնը, բայց նաեւ զայն վերածած եմ հերոսի։ Ու տարիներու ընթացքին, երբ պատանեկութենէն թեւակոխեցի երիտասարդութիւն եւ սորվեցայ հայ ժողովուրդի պատմութեան դիւցազներգութիւնը, Մհերի կերպարը մնաց իբրեւ հերոսի։ Բայց սորվեցայ հերոսին ուժը կամրջել հայ ժողովուրդի ազգագրական պատմութեան, ուր մշակոյթի հասկացողութիւնը սկսաւ կամաց-կամաց դարբնել նաեւ իմ ազգային ինքնութիւնս։
4 Յուլիս, 2010, Ֆիլատելֆիա, Միացեալ Նահանգներ, հոն, ուր Ամերիկան կերտեց իր անկախութիւնը եւ ստացաւ ինքնուրոյն նկարագիր։ Եւ Ֆիլատելֆիոյ կեդրոնական մասին մէջ կը դիտեմ Փոքր Մհերի արձանը։ Ճարտարապետական գեղեցիկ մտայղացումը եւ իրագործումը կու գայ Խորէն Տէր Յարութեանէն։ Այս արձանը նուէր է Ֆիլատելֆիոյ հայկական գաղութին կողմէ՝ 24 ապրիլ, 1976-ին Միացեալ Նահանգներու հիմնադրութեան երկու հարիւրամեակին առիթով։ Տակաւին նկարին տակ կայ նկարագրականը, որ կ'ըսէ. Մհեր՝ առասպելական հերոսը իր գերազանց ուժականութեամբ, որ կ'արտացոլացնէ վերապրելու հաւատքը հայ ժողովուրդին՝ աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութեան։ Փոքր Մհեր իր ձեռքին ունի խաչը՝ հայուն վերապրելու կռուանը։ Իսկ արձանին տակ եւ չորս կողմը կան հայ ժողովուրդի պատմութենէն դրուագներ՝ Վարդանանց հերոսամարտէն մինչեւ Մեծ եղեռն եւ Ցեղասպանութիւն...։ Բայց այս բոլորէն ետք եւ վեր՝ կայ ու կը մնայ վերապրելու հրամայականը, որ Մհերի արձանին խորհրդանիշն է...։
Արձանին նայելով՝ կերթամ դէպի անցեալ, երբ սորվեցայ Մհերին մասին եւ զայն վերածեցի իմ ազգային հերոսս՝ այդ օրերուն չկարենալով զանազանել իրականը առասպելականէն։ Հիմնականը այն է, որ ան իմ պատանեկան սրտին ու մտքին մէջ դարձած է ազգային հերոս, որ այսօր դարձեալ կը մարմնաւորուէր դիմացս ու կը յիշեցնէր հայուն կեանքին հերոսական ընթացքը՝ վերապրելու հրամայականը։
Ֆիլատելֆիա Միացեալ Նահանգներու գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է։ Տալըուէր գետը կու գայ աւելի շեշտակի դարձնելու քաղաքին կանաչ ու խիտ ծառերուն գեղեցկութիւնն ու հմայքը։ Այդ գեղեցկութիւնը կու գայ ամբողջացնելու անոր տրուած մակդիրը՝ Եղբայրական սիրոյ քաղաք։ Այս քաղաքը նաեւ հպարտ է իր քաղաքացիով՝ Պենճամին Ֆրանքլին, որուն անունը քիչ մը ամէն տեղ է ու քաղաքի տարբեր շրջաններուն մէջ։ Պենճամին Ֆրանքլին բազմակողմանի հետաքրքրութեան տէր անձ մը եղած է ու օժտուած է բազմաթիւ կարողութիւններով։ Ան կը նկատուի Միացեալ Նահանգներու կերտիչներէն մէկը՝ իբրեւ անկախ պետականութիւն, բայց նաեւ ինքնուրոյն նկարագիր տուած է երկրին։

- Հայկական գաղութը կը հաշուէ աւելի քան տասնհինգ հազար անհատ։ Գաղութը լաւապէս ժառանգած է քաղաքին Եղբայրական սիրոյ հոգին եւ տեսլականը։ Կան հինգ հայկական եկեղեցիներ, որոնց երեքը առաքելական, մէկը՝ կաթողիկէ, մէկը՝ աւետարանական։ Աւելի քան յիսուն տարիէ ի վեր գաղութը միասնաբար կ'ոգեկոչէ ազգային-եկեղեցական եւ մշակութային բոլոր տօները։ Միասնականութիւնը ոչ միայն խօսք, այլեւ գործ է ու կեանք։ Այս միասնականութիւնն է, որ ապրեցայ Ֆիլատելֆիոյ մէջ՝ հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէկ գործունէութեան ընթացքին։ Տարբեր եկեղեցիներ ենք եւ տարբեր վարդապետութիւն։ Բայց կայ անհրաժեշտութիւնը եւ գործելու հասարակ յայտարար անհրաժեշտութիւնը, որ պիտի կարենայ միացնել մեզ՝ նոյնինքն մեր տարբերութիւններուն մէջ։ Եւ հայը գտած ու կերտած է այս հասարակ յայտարարը՝ Պենճամին Ֆրանքլինի Եղբայրական սիրոյ քաղաքին մէջ։ Եթէ մէկ կողմէ կ'ապրիմ Ֆիլատելֆիան՝ անոր գեղեցկութիւնը եւ համերաշխութիւնը, բայց անպայմանօրէն նաեւ կ'ապրիմ Փոքր Մհերը եւ անոր հերոսական ժառանգը։ Նաեւ այն, որ սորված էի, թէ ինչպէս ժայռը բացուած է, եւ Մհեր իր ձիով մտած էր ժայռէն ներս, ու ժայռը փակուած էր։ Եւ տակաւին Մհեր ժայռէն դուրս պիտի գար միայն այն ատեն, երբ անարդարութիւնը աշխարհին երեսէն վերնար, բարին յաղթէր եւ հողը դառնար արդար եւ այնքան, որ դիմանար անոր ոտքերուն տակ։
Բայց այսօր Փոքր Մհեր Ֆիլատելֆիոյ քաղաքի ժայռին մէջ փակուած չէ։ Ան դուրս ելած է յախուռն կերպով եւ կանգնած է քաղաքի կեդրոնական մասին մէջ։ Ան ոտքերը նետած է այսպէս ըսուած եղբայրական սիրոյ քաղաքին մէջ. հոն, ուր կերտուեցաւ Ամերիկայի անկախութիւնը, բայց նաեւ՝ անոր ինքնուրոյն նկարագիրը, որ մարդ անհատին եւ քաղաքացիին շնորհեց արդարութիւն, ազատամտութիւն եւ հաւասարութիւն։
Եթէ Փոքր Մհերի արձանը երախտագիտութեան արտայայտութիւն է հայկական գաղութին կողմէ Ֆիլատելֆիոյ քաղաքին, բայց նաեւ՝ հոն կայ վճռականութիւնը, թէ հայը կը վերապրի ու պիտի շարունակէ գոյատեւել, նաեւ՝ յիշեցնել, թէ տակաւին առկայ է հայուն բարի յաղթանակը եւ արդար հողը։ Բայց Եղբայրական սիրոյ քաղաքի պատմութիւնը կերտուած է նոյնինքն այդ նկարագիրին վրայ, որ մարդուն եւ հաւաքականութեան խոստացաւ եւ շնորհեց ազատութիւն, արդարութիւն եւ բարիի իրաւունքը։ Ամերիկայի պատմութիւնը հիմնուած է այս նկարագիրը կերտելու պայքարին ու ջանքին վրայ, ուստի ան պէտք է մնայ հաւատարիմ եւ անաչառ՝ իր պատմութեան տեսլականին։ Հայուն պատմութիւնը իրական է եւ անոր պահանջատիրութիւնը եւ իրաւունքը՝ բարի։ Մհերին արձանը նաեւ յիշեցում է, թէ տակաւին պէտք է կերտել այս արդարութիւնը, որով հայը պիտի ապրի իր իրաւունքը՝ ազատ ու բարի։
Մհերին պատմութիւնը, իրական թէ դիցաբանական, ունի մէկ ճշմարիտ հիմնաքար՝ հայուն վերապրելու իրականութիւնը եւ իրաւունքը՝ ամբողջական արդարութիւն ունենալու։
Այս իմաստով Մհերի արձանը յիշեցում է, թէ տակաւին կայ հայուն պատմական արդարութիւնը եւ անոր պահանջատիրութիւնը։ Պատմութիւն մը, որ իրական է եւ պահանջատիրութիւն մը, որ արդար է։ Բայց Մհերին արձանը նաեւ յիշեցում է այն մասին, որ հայուն արդարութեան ու պահանջատիրութեան ճամբան հայուն միասնականութեան միջոցով կը նուաճուի եւ անոր մէջ է։ Եւ այս՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ թէ այլուր։ Մհերին արդարութիւնը կրնայ իրականանալ եւ կերտուիլ, երբ հայը կարենայ տարբերութիւններով հանդերձ, ստեղծել հասարակ յայտարարը իր համազգային հիմնահարցերուն եւ գոյապայքարին։ Ասիկա առկայ պէտք է ըլլայ կեանքին տարբեր ոլորտներուն մէջ։
Մհերին արդարութիւնը հայուն իրաւունքն է։







All the contents on this site are copyrighted ©.