2010-09-23 14:31:23

Ծերակուտական Պարպարա Պոքսըր Վեթոյի Կ՛ենթարկէ Մեթիու Պրայզայի Թեկնածութիւնը ։


Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը երեքշաբթի տեղի ունեցած քուէարկութեամբ հաստատեց Մեթիու Պրայզայի թեկնածութիւնը Ազրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու նոր դեսպանի պաշտօնին համար։ Թեկնածութեան դէմ քուէարկեցին միայն երկու ծերակուտականներ՝ Պարպարա Պոքսըր եւ Ռոպըրթ Մենենտես։
Պարպարա Պոքսըր յայտարարեց, որ՝՝Պրայզա լաւ դիւանագէտ է եւ գնահատելի է անոր գործունէութեան աւանդը, սակայն Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ անոր դիրքորոշումը արդար չէ՝՝։ Իսկ Ռոպըրթ Մենենտես Պրայզան մեղադրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը պատշաճ կերպով չճանչնալու, Հին Ջուղայի մէջ հայկական գերեզմանները ազրպէյճանցիներու կողմէ աւերելու հարցին մէջ անտարբերութիւն ցուցաբերելու, ազրպէյճանցիներուն կողմէ սահմանային խախտումները չդատապարտելու յանցանքներով։ Ան ըսաւ, որ դէմ պիտի քուէարկէ նաեւ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ իշխանութիւններուն հետ Պրայզայի սերտ կապերուն պատճառով։







All the contents on this site are copyrighted ©.