2010-09-23 14:17:23

«Պաքուի Գործողութիւնները Կը Սպառնան Շրջանի Անվտանգութեան » կ՝ըսէ Էդուարդ Նալբանդեան։


 Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Նիւ Եորք կը գտնուի ։ ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ նախարար Նալբանդեան մասնակցեցաւ եւ ելոյթ ունեցաւ 2000 թուականի ՄԱԿ-ի վեհաժողովին կողմէ հռչակուած ՝՝Հազարամեակի Զարգացման Նպատակներու Իրականացման՝՝ նուիրուած վեհաժողովին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանի մէջ այդ ուղղութեամբ կատարուած եւ ձեռնարկուելիք քայլերուն ու արձանագրուած յառաջընթացին։ Նոյն ծիրին մէջ է որ Նալբանդեան անդրադարձաւ նաեւ անվտանգութեան առնչուող հարցերուն, յատկապէս Հարաւային Կովկասի շրջանին մէջ։ Ազրպէյճան կը շարունակէ մերժել ուժ կամ ուժի սպառնալիք չկիրարկելու վերաբերեալ համաձայնութեան գալու առաջարկը (ըսաւ ի մէջ այլոց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը)։ ։ Ազրպէյճանի ռազմատենչ կեցուածքը եւ սադրանքները կը սպառնան շրջանի անվտանգութեան եւ կայունութեան(աւելցուց Նալբանդեան)։ Ասկէ զատ 25 սեպտեմբերին. երեկոյեան Էդուարդ Նալբանդեան ելոյթ պիտի ունենայ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նստաշրջանին մէջ։ Իսկ 26 սեպտեմբերին նախարարը պիտի մեկնի Պոսթըն, ուր պիտի հանդիպի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն ։ Յաջորդ օրը նախատեսուած է նախարար Նալբանդեանի ելոյթը Թաֆթս համալսարանի Ֆլեթչըրի Իրաւունքի եւ Դիւանագիտութեան դպրոցին մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.