2010-09-22 13:05:46

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը։


Առաքելական Ճամբորդութեան Մը Տպաւորութիւնները։

Չորեքշաբթի 22 սեպտեմբեր 2010, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութիւն շնորհեց իտալացի եւ օտարազգի աւելի քան հինգ հազար ուխտաւորներուն, որոնք խմբուած էին Ս. Պետրոսի հրապարակը։

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ իր Անգլիա կատարած ճամբորդութեան տպաւորութիւններուն մասին։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,ըսաւ Սրբազան Հայրը .

Մեծն Պրիտանիոյ առաքելական ճամբորդութենէն վերադարձայ սրտի մեծ գոհունակութեամբ։ Պատմական ու կրարեւոր դէպք մը՝ որ մեծապէս նպաստեց այդ ժողովուրդին կապերուն Ս. Աթոռին հետ։

Զանազան հանդիպումներով խիտ այդ չորս օրերը, մասնաւորապէս Թագուհիին հետ բարի գալստեան սիարալիր արարողութեան ընթացքին Սքովտիայի մէջ, ապա հանդիպումը նախարարապետին Լոնտրա, ի յայտ բերին Մեծն Պրիտանիոյ անուրանալի դերը միջազգային գետնի վրայ։ Բաժանելով մարդկութեան ապագայի միատեղ մտահոգութիւնը, վերյիշեցուցի թէ՝ քրիստոնէական պատգամը անբաժանելի մէկ մասն է այդ հողամասի ժողովուրդներու մշակոյթին, եւ որպէս փաստ՝ ՜՜Խաղաղութեան արդիւնքը՝՝ որ կը շարունակէ հոն գերիշխել։ Ապա հանդիպումը Անկլիգան եկեղեցւոյ Գանթըրպուրիի արքեպիսկոպոսին հետ, ցոյց տուաւ ՜՜Միութեան կապը՝՝ որ կայ կաթողիկէ եւ անկլիգան եկեղեցիներու միջեւ ինչպէս նաեւ կրօնքի էական կարեւորութիւնը հանրային բանակցութիւններուն մէջ։

Կրօնքը բարոյական ոյժ մըն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կարող՝ ուղղելու ընտրութիւնները ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներու մէջ։ Ապա Ուեսթմինսդերի աբբայարանին մէջ, ուր առաջին անգամնուան համար Ս. Պետրոսի յաջորդը մուտք գործեց, ուժգնօրէն աղօթեցինք Մեծն Պրիտանիոյ քրիստոնեայ բոլոր համայնքներու միութեան համար։

Սրբազան Հայրը ընդհանուր ունկնդրութեան մասնակցողներուն յիշեցուց թէ իր առաքելական ճամբորդութեան նպատակն է ՜՜երանացումը կարտինալ Ճոն Հենրի Նիւմանի՝՝ ։ Ան եղած էր համբաւաւոր անգլիացի, մեծ աստուածաբան ու բացարձակ կերպով հմայուած՝ Եկեղեցւոյ այր մը։ Անոր համակ կեանքը ցոյց կու տայ թէ ինչպէս տրամաբանութիւնն ու հաւատքը կարող են ներդաշնակօրէն երկխօսութեան մէջ մտնել։

Սիրեցեալ եղբայրներ, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակելով, աղօթքս է որ Երանելի Նիւմանի ուսուցումը՝ լուսաբանէ մեր միտքերն ու խիղճերը, ու անոր միջամտութիւնը՝ բանայ մեր սիրտը Անոր որ Ճշմարտութիւն է։

՜՜Թող սիրտը սիրտին խօսի՝՝ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Այս խորհրդածութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկաները, մաղթելով որ երանելի կարտինալ Ճոն Հենրի Նիւմանի ուսուցումն եւ օրինակը խթանէ մեզ ապրելու մեր հաւատքը։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը հայրական խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանադներուն եւ նորապսակեալներուն, խրախուսելով զանոնք որ իրենց կեանքի բարի կենցաղով վկայութիւն տան Աստուծոյ լոյսին իրենց կեանքի բոլոր պարագաներու մէջ։

Նշենք թէ Սրբազան Քահանայապետը ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին հետեւեալ կոչը ուղղեց. ՜՜Այս շաբաթուան ընթացքին Վիեննայի մէջ տեղի կ'ունենայ կաթողիկէ եւ օրթոտոքս եկեղեցիներու աստուածաբանական երկխօսութեան միջազգային խառն յանձնախումբի լիանիստ ժողովը. որուն նիւթն է ՜՜ Հռոմի եպիսկոպոսի դերը ընդհանրական եկեղեցւոյ հաղորդութեան մէջ՝՝ մասնաւորապէս նկատի ունենալով եկեղեցւոյ կեանքի պատմութեան առաջին հազարամեակը։ Հնազանդութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուսի հրամանին, եւ նկատի ունենալով ներկայ քրիստոնէութեան առջեւ ներկայացող մարտահրաւէրները, կը պարտադրեն մեզ յանձնառու լրջութեամբ գործելու եկեղեցիներու կատարեալ միութեան ի խնդիր։ Բոլորէն կը խնդրեմ, ըսաւ Սրբազան հայրը, որ սերտօրէն աղօթեն միջազգային խառն յանձնախումբի աշխատանքին եւ անոր յարաճուն բարգաւաճումին համար ինչպէս նաեւ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան հաստատումին կնքուածներու միջեւ, որպէսզի կարենան աշխարհին տալ աւետարանական ճշմարիտ վկայութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.