2010-09-22 13:30:47

ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏ ԼԻՒՍԻ ԹԻՒԹԻՒՆՃԵԱՆ-Ի ՀԵՂԻՆԱԿԱԾ ԳԻՐՔԻՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՄԸ։


Պէյրութի Համազգայինի Լիւսի Թիւթիւնճեան ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի հեղինակած՝՝Լիւսիզ ֆէյվըրիթ՝՝ խորագիրը կրող ասիական եւ հայկական ճաշերու անգլերէն գիրքին ներկայացումը։
Գիրքին մասին տեղեկութիւններ ստանալու նպատակով ՝՝Ազդակ՝՝ օրաթերթը կարճ զրոյց մը ունեցած է արուեստագէտ Լիւսի Թիւթիւնճեանի հետ, որը յայտնած թէ գիրքին պատրաստութեան աշխատանքին չէ սկսած յատուկ նպատակով, այլ պարզապէս յաճախակի ճամբորդութիւնները պատճառ դարձած են այդ մտայղացումին։ Ան ընդգծած որ իր ամուսինը գործի բերումով յաճախ ճամբորդութիւններ կը կատարէր դէպի Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներ եւ ինք կընկերակցէր անոր։
Մօտ 3 տարի տեւած է գիրքի պատրաստութեան աշխատանքին ամբողջացումը, որովհետեւ ընդմիջումներ կատարուած են՝ ճամբորդութիւններու պատճառով։

Անդրադառնալով գիրքին՝ Լիւսի Թիւթիւնճեան յայտնած է որ անիկա պատկերազարդ է եւ անոր մէջ քանի մը բաժիններ կան բաժին մը՝ Ճափոնի, Հոնկ Քոնկի, Թայլանտի ճաշերուն եւ անուշեղէններուն, ինչպէս նաեւ բաժին մըն ալ յատկացուած է ՝՝հայկական տոհմիկ ճաշերուն՝՝։ Ան գոհունակութիւն յայտնած է գիրքի հրատարակման առիթով, եւ յոյս յայտնած որ անիկա յաջողութիւն կը գտնէ,աւելցնելով որ գիրքի առաջին շնորհահանդէսին հասոյթը պիտի տրամադրուի Համազգայինի Վահէ Սէթեան հրատարակչատան եւ ՝՝Ազդակ՝՝ օրաթերթին։ Ան նաեւ նկատել տուած որ շնորհահանդէսներու շարքը տակաւին երկար է եւ իւրաքանչիւրին հասոյթը պիտի տրամադրուի զայն կազմակերպող միութեան կամ հաստատութեան։







All the contents on this site are copyrighted ©.