2010-09-22 13:17:19

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Ընդունեց Էստոնիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութիւնը։


Էջմիածին - Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսին հրաւէրով, Հայաստան ժամանած՝ Էսթոնիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակները , Սեպտեմբեր 18-ին այցելած են Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր եւ Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ։ Այնուհետեւ, նաեւ՝ Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանը, ուր ծանօթացած են հայ ժողովուրդի բազմադարեայ մշակոյթի գանձերուն եւ արժէքներուն:
Հառիճավանք՝ իրենց այցին ընթացքին, անոնք ծանօթացած են վանքի ներկայ գործունէութեան ու վանական կեանքի վերականգնման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքին, ապա անոնք հիւրընկալուած են Շիրակի թեմին կողմէ ու այցելած՝ ՜՜Վահանաբերդը՝՝, Գիւմրիի ՜՜Եօթվէրք Ս. Աստուածածին՝՝ եկեղեցին։

Սեպտեմբեր 19-ին Էսթոնիոյ եկեղեցիներու խորհուրդի պատուիրակները Էջմիածինի Մայր տաճարին մէջ մասնակցած են Ս. պատարագի արարողութեան, ապա հիւրընկալուած՝ ՜՜Խոր Վիրապ՝՝ի վանքին մէջ, ծանօթանալով վանքի պատմութեան ու ներկայ գործունէութեան։ Նոյն օրը, պատուիրակութիւնը այցելած է նաեւ Սեւանի ՜՜Վազգէնեան՝՝ հոգեւոր դպրանոցը, ուր տեղի ունեցած է հոգեւոր եւ ազգային երգերու համերգ մը, ճեմարանականներու մասնակցութեամբ։

Իսկ՝ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Սեպտեմբեր 20-ին ընդունած է Նառվսկի եպիսկոպոս՝ Լազար Գուրկինին եւ իրեն ընկերացող Էստոնիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութիւնը։

Լազար եպիսկոպոսը շնորհակալութիւն յայտնած է Վեհափառին Հայաստան այցելելու հրաւէրին համար, ինչպէս նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեանքին եւ գործունէութեան ծանօթանալու հնարաւորութեան ընձեռնման համար։ Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամներուն իր օրհնութիւնը տուած է Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը, ուրախութիւն յայտնելով խորհուրդի անդամներու այցին։ Հանդիպման ընթացքին խօսուած է վանական կեանքի կարեւորութեան եւ անոր վերականգնման ուղղութեամբ ձեռնարկուած՝ քայլերու մասին։ Հիւրերուն ներկայացուած է նաեւ՝ այն հսկայածաւալ աշխատանքը, որ կ՝իրականացուի սրբավայրերու պահպանութեան, նոր եկեղեցիներու կառուցման եւ Մայր Աթոռի բարեկարգման համար։ Անդրադարձ կատարուած է Էստոնիոյ հայկական եկեղեցւոյ գործունէութեան, հայ համայնքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ յարաբերութիւններուն՝ Քոյր Եկեղեցիներուն հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.