2010-09-21 13:52:49

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Գործունէութիւնը Եւ Վատիկանեան Տեղեկութիւններ։


Սրբազան Հայրը այս շաբաթուան ընթացքին կ'ընդունի Պրազիլի Լեսդ եկեղեցական գաւառի եպիսկոպոսները` եկած կատարելու հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։։

Քահանայապետական Անուանում։

Նորին Սրբութիւնը նշանակեց կարտինալ Թոմգօ-ն՝ որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու Մինսքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ շինութեան 3-րդ դարադարձի տօնախմբութեան, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հոկտեմբեր 9ին։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը նշանակեց կարտինալ Թորանը՝ որպէս իր յատուկ նուիրակը մասնակցելու ֆրանսայի Սոլեսմեսի Սուրբ Պետրոս աբբայարանի շինութեան հազարամեակի տօնախմբութիւններուն, որ տեղի պիտի ունենան յառաջիկայ հոկտեմբեր 12-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.