2010-09-21 14:20:32

Հնդկաստանի Կառավարութիւնը Նորոգած Է Արծնիի Դպրոցը


Լոռի- Սեպտեմբեր 15ին պաշտօնապէս բացուած է Լոռիի մարզի Արծնի համայնքին դպրոցը, որ հիմնանորոգուած է Հնդկաստանի կառավարութեան նիւթական աջակցութեամբ, այսպէս կը տեղեկացնէ ՜՜Հայաստան համահայկական հիմնադրամը՝՝ աւելցնելով, շուրջ 80 միլիոն դրամի չափով դրամաշնորհը՝ Հնդկաստանի կառավարութիւնը տրամադրած է ՜՜Հայաստան հիմնադրամին՝՝ բարեկամ երկիրներու ցուցաբերուող ՜՜Աջակցութեան ու զարգացման ծրագիր՝՝ի ծիրէն ներս:

Նշենք, որ համայնքին մէջ կը սպասուին այլ փոփոխութիւններ եւս. շուտով շահագործման կը յանձնուի հիմնադրամին կառուցած համայնքային կեդրոնը եւ արդէն իսկ ընթացքի մէջ է խմելու ջուրի ծրագիրը:

Համայնքի ղեկավար Խենկօ Խաչանէսեան յայտնած է, թէ համայնքի բնակչութիւնը նախապէս շատ աւելի մեծ էր, եւ այսօրուան 49-ին փոխարէն՝ գիւղի դպրոց կը յաճախէր շուրջ 300 աշակերտ։








All the contents on this site are copyrighted ©.