2010-09-20 14:09:24

Թուրքիոյ Ընդդիմադիր Կուսակցութեան Ղեկավարի Արտայայտութիւնը՝Հայերու Մասին։


Թուրքիոյ ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու վկայակոչելով Թուրքիոյ հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթիւրքի հետեւեալ յայտնի խօսքը Խաղաղութիւն երկրին մէջ, խաղաղութիւն աշխարհի մէջ, յայտարարած է՝՝Մենք Հայաստանի հետ կուզենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ՝՝։
Մենք կուզենք խաղաղութեան մէջ ապրիլ մեր բոլոր դրացիներուն հետ։ Կուզենք շատ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ Հայաստանի հետ։ Թող բացուին կողմերու արխիւները, մենք մերը բացած ենք։ Թող հաւաքուին պատմաբաններն ու քննարկեն (Հայոց ցեղասպանութեան Ա) նիւթը, ըսած է ան՝ շարունակելով ՝՝Մենք պարտաւոր ենք մեր երեխաներուն ձգել գեղեցիկ աշխարհ մը ։ Անցեալի ցաւերը ապագայ տանիլը որեւէ հասարակութեան օգուտ պիտի չբերէ։ Մոռնա՞լ անցեալի ցաւերը ամբողջութեամբ։ Ո՛չ, սակայն անհրաժեշտ է, որ անաչառ ըլլանք։ Բանանք արխիւներն ու քննարկենք։ Թող ճշմարտութիւնը ջուրի երես ելլէ։ Որեւէ տարակուսանք չունինք, սակայն անցեալի ցաւերը պէտք չէ խոչընդոտեն մեզ, որպէսզի մենք հանդիպինք եւ բարեկամաբար խօսինք։ Անցեալի սխալները պէտք չէ ձգենք ապագայ սերունդներուն(ըսած էՔեմալ Քըլըչտարօղլու) ։







All the contents on this site are copyrighted ©.