2010-09-19 13:14:25

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին հանդիպումը տարեցներու հետ։


Այս հանդիպումը թէեւ պաշտօնական հանգամանք մը ունեէր սակայն միաժամանակ անցաւ բարեկամական մթնոլրտին մէջ։ Արդարեւ Սրբազան Հայրը խօսքը ուղղելով տարեցներուն ըսաւ. Ես ձեր մէջ կը գտնուիմ ոչ թէ որպէս Հայր, այլ յատկապէս որպէս եղբայր որ լաւ կը ճանչնայ այս տարիքի ուրախութիւններն ու դժուարութիւնները։ Մեր երկարակեաց կեանքը մեզի կ'ընծայէ առիթը մեծապէս գնահատելու Տիրոջ մեծ պարգեւը որ է կեանքը։ Տարեցները մեծ բախտաւորութիւն ունին խորացնելու իրենց ճանաչումը հանդէպ Քրիստոսի խորհուրդին որ ինքզինք խոնարհեցուց բաժնելու մեր մարդկութիւնը։ Մինչ տարիքով կը յառաջանանք մեր ֆիզիքական ոյժերը կը տկարանան եւ սակայն այս տարիները կրնան դառնալ հոգեւորապէս մեր կեանքի ամենէն պտղբեր տարիները։ Այս տարիքը մեզի առիթը կու տայ յիշելու եւ աղօթելու բոլոր անոնց համար որոնք ճանչցանք մեր կեանքին ընթացքին։
Ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել կու տայ թէ շնորհիւ բժշկութեան նուաճումներուն կեանքը երկարեցաւ։ Տարեցները ընկերութեան համար օրհնութիւն մըն են։ Ժամանակակից երիտասարդներուն կարող են հաղորդել իրենց փորձառութիւնն ու իմաստութիւնը։ Տարեցներու խնամքը պէտք չէ նկատուի որպէս վեհանձ ներգործութիւն մը, այլ որպէս պարտքի հատուցում։ Կեանքը եզակի պարգեւ մըն է, իր բոլոր հանգրուաններով` յղացումէն մինչեւ բնական մահը։ Միմիայն Տիրոջ կ'իյնայ կեանքը պարգեւել կամ առնել։ Քրիստոնեաները պէտք չէ վախնան մասնակցելու Քրիստոսի չարչարանքին եթէ Տէրը կամենայ որ հիւանդութիւն կրենք, իմ նախորդս Յովհաննէս Բ Քահանայապետը, հրապարակաւ տարապեցաւ իր կեանքին վերջին տարիներուն եւ ամէնուն յայտն էր թէ զայն կը տանէր մեր Փրչին միութեամբ։ Ան բոլորիս համար եղաւ ճշմարիտ օրինակ։







All the contents on this site are copyrighted ©.