2010-09-19 12:24:26

Ով Էր Կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւման Որ Այսօր Երանելի Հռչակուեցաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Կողմէ։


Ճոն Հէնրի Նիւման անկլիգան եւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ընտիր մեծ դէմքերէն մին է,նկատի ունենալով անոր մտաւորական ճանապարհը որմէ ընթացաւ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին,ու նաեւ բերած նպաստը անգլիոյ կաթողիկէութեան հակառակ դարաշրջանի դժուարութիւններուն ու հակադրութիւններուն։ Անկլիգան եկեղեցւող պատկանող Նիւման 1846-ին կը յարէր Հռոմի կաթողիկէ Եկեղեցիին։

Անկլիգան բարեկեցիկ ընտանիքի մը զաւակը,անդրանիկը վեց եղբայրներու կը ծնի Լոնտրա 21 փետրուար 1801ին . մենակեաց եւ խոհուն նկարագրով մանջուկը 1817ին մուտք կը գործէ Օքսֆորտի Թրինիթի Գոլլէճը եւ ուսման շրջանի աւարտին սարկաւագ կը ձեռնադրուի Անկլիգան Եկեղեցւոյ 1824ին։ 1828ին Սէնթ Մէրի համալսարանի Եկեղեցիին ժողովրդապետն է ,ունենալով ուսանողներու հետ զբաղուելու պարտականութիւնը,եւ ճիշդ այդ շրջանին է որ կը հիմնէ ՝՝Օքսֆորտի Շարժումը՝՝ որ կը հետապնէդր խափանել անգլիոյ համալսարաններէն ներս բարձրացող ազատականութիւնը։ Նոյնպէս այդ տարիներուն է որ Նիւման մշակեց ՝՝միջին ճամբայ՝՝ տեսութիւնը յորում Անկլիգան Եկեղեցւոյ կը վերագրէր ՝՝միջանկեալ դիրք մը՝՝ բաղդատմամբ Լուտերական եւ հռոմէական կաթողիկէութեան՝ վարդապետական չափազանցութիւններու միջեւ ։

1832ին միջերկրական կատարած իր ճամբորդութիւնը զինք կը տանի Հռոմ եւ հոն կը հանդիպի Նիքոլաս Փաթրիք Վիզէման-ի(կարտինալ,կաթողիկէ արքեպիսկոպոս,անգլիացի գրող), ապա կը փոխադրուի Լէօնֆորթէ՝ Սիկիլիայ ուր ծանրօրէն կը հիւանդանայ ,եւ հիւնադութիւնը իրեն առիթ կ՝ըլլայ խորհրդածելու իր հաւատքին վրայ։
1833-1841 Հէնրի Նիւման եւ իր շարժումի ընկերները կը հրատարակեն ՝՝Թըրաքս ֆոր Տը Թայմս՝՝ (Tracts for the Times) կոչուած 90 քննական ուսումնասիրութիւներ՝ Անկլիգան Եկեղեցւոյ բայց նաեւ քրիստոնեայ կրօնքի տարբեր հարցերուն հայող,որոնց վերջինին մէջ Նիւման կ՝առաջարկէ մեկնաբանել կրօնական 39 յօդուածները որոնք համախոհ են կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Տրիդենտեան ԺողովիՎարդապետութեան (1545-1563), Նիւմանի այս մեկնաբանութիւնը պատճառ եղաւ որ ան դատապարտուի Օքսֆորտի Համալսարանի եւ 42 անկլիգան եպիսկոպոսներումկողմէ։ Ասիկա հանդիսացաւ դէպքը որմէ յետոյ ան հեռացաւ իր ժողովրդապետութեէն ու առանձնացաւ Լիթթլմօր ուր գրի առաւ ՝՝Քրիստոնեայ Վարդապետութեան Զարգացումը՝՝ հատորը,լոյս տեսած 1845ին որ կ՝եզրակացնէ թէ ՝՝Կաթողիկէ Եկեղեցին պաշտօնապէս տրամաբանութեան ի նպաստ էր՝՝։ 9 Հոկտեմբեր 1845ին ընդունուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցիիէն Բասսիօնիսդ կրօնաւոր իտալացի հայր Տօմէնիքօ Պարպէրիի կողմէ որ ոչ երկրորդական դեր խաղացած է Նիւմանի ապաշխարհութեան մէջ։
1847ին քահանայ կը ձեռնադրուի կաթողիկէ եկեղեցիէն, 1850ին կ՝անուանուի Իրլանտայի կաթողիկէ համալսարանի առաջին Ռեկտոր,1879ին (80 տարեկանին) կարտինալական գդակը կը ստանայ Լեւոն ԺԳ.Պապէն,եւ կը շարունակէ ապրիլ Անգլիոյ մէջ եւ ուր կը վախճանի՝1890ին ։







All the contents on this site are copyrighted ©.