2010-09-19 12:26:33

Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու Համահաւաք  


Միջին Արեւելքի կաթողիկէ Եկեղեցիներու յատկացուած, յառաջիկայ Հոկտեմբերին Վատիկանի մէջ տեղի ունենալիք` յատուկ սիւնհոդոսի նախօրեակին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը գումարած է ՜՜Հայ Կաթողիկէ Ընկերային Հաղորդամիջոցներու՝՝ համաժողով մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 24 եւ 25 սեպտեմբեր 2010-ին Պէյրութի՝ Հ.Կ.Մ. Արարտեան սրահին մէջ (Լիբանան)։ Համաժողովին ընթացքին անդրադարձ պիտի կատարուի Հայ Կաթողիկէ հաղորդամիջոցներու այսօրուայ իրողութեան, գործունէութեան եւ ապագայի դերին մասին։
Համաժողովը պիտի նախագահէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ներսես Պետրոս ԺԹ Կաթողիկոս Պատրիարքը, մասնակցութեամբ՝ հայ կաթողիկէ ընկերային հաղորդամիջոցներու բոլոր պատասխանատուներուն։
Բացման արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ ուրբաթ 24 սեպտեմբերի յետ միջօրէին՝ ժամը 16 ին, Հոգեւոր Տիրոջ Ողջոյնի Պատգամով իսկ Փակումը նախատեսուած է շաբաթ 25 սեպտեմբերի ժամը 13.ին սիրոյ սեղանով։
Այս հանդիպումին ընթացքին պիտի քննարկուին Միջին Արեւելքի համար յատուկ սիւնհոդոսի նախապատրաստական թղթածրարի ընկերային հաղորդամիջոցներու գործունէութեան ու դերի վերաբերող հատուածները։ Ջանալով պատասխան տալ այն հարցումներուն զոր կ՛ուղղէ թղթածրարը, եւ այժմէական առաջարկներ ներկայացնելով այս ուղղութեամբ։ Այս գծով տեղի պիտի ունենան միջամտութիւններ եւ վկայութիւններ ընկերային հաղորդամիջոցներու մարզին մէջ գործող՝ պատասխանատուներու եւ վարիչներու կողմէ, ունենալով որպէս նպատակ՝ ի գործ դնել նոր ուղեգիծ մը՝ լաւագոյն կերպով արտացոլացնելու Ընդհանրական Եկեղեցւոյ եւ ի մասնաւորի Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան դիմագիծը` անոր ուսուցումն ու վարդապետութիւնը, ամբողջ աշխարհին տարածելով քրիստոնէական արժէքները։
Նշենք որ վերջին ամինսներու ընթացքին այս համագումարի նախապատրաստական գործընթացքով տեղի ունեցան զանազան խորհրդակցական ժողովներ, առաջինը՝ Հռոմի քահանայապետական Լեւոնեան հայ վարժարանին մէջ 2010-ի յուլիսին, իսկ երկրորդը եւ երրորդը Լիբանանի մէջ օգոստոս եւ սեպտեմբեր ամիսներու ընթացքին։







All the contents on this site are copyrighted ©.