2010-09-19 12:31:26

Էստոնիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատուիրակութեան Այցը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին


Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի վարիչ՝ Յովակիմ եպ. Մանուկեան ընդունեց 17 Սեպտեմբերին, պաշտօնական այցով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին ժամանած Էստոնիայի Եկեղեցիներու Խորհուրդի պատուիրակութիւնը։ Հանդիպումին՝ Սրբազանը ներկայացուց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ առաքելութիւնը աշխարհասփիւռ հայ ժողովուրդի կեանքին մէջ, անդրադարձաւ ներկայի գործունէութեան։ Էստոնական պատուիրակութեան անունով շնորհակալական խօսք ուղղեց Լազար եպ. Գուրկին։
Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան շարք մը հարցեր ՜՜ հետագայ յարաբերութիւններու առաւել սերտացման, փորձառութեան փոխանակման եւ ընկերային ծառայութեան ոլորտին համագործակցութեան հաստատման վերաբերեալ։
Պատուիրակութեան անդամները շրջեցան Մայր Աթոռի զանազան վայրերը ծանօթանալով՝ անոր պատմութեան, այցելեցին թանգարանները` ծանօթանալով հայ հոգեւոր մշակոյթի գանձերուն եւ սրբութիւններուն , հուսկ՝ այցելեցին նաեւ Ս. Գայիանէ եւ Ս. Հռիփսիմէ վանքերը եւ հանդիպումներ ունեցան վանահայրերու հետ։
Աւարտին՝ Խորհուրդի անդամները հիւրընկալուեցան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսչական կազմի եւ ուսանողութեան կողմէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.