2010-09-18 12:24:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրազան Քահանայապետին Մեծն Պրիտանիա Այցելութեան Ընթացքին ՜՜Հանդիպումները Եւ Արտասանած Ճառերը՝՝։


Հանդիպում ' Դաստիարակութեան Աշխարհին Հետ։

՜Հրաւէր Սրբութեան՝՝ Ուսանողներուն ՜։

Հազարաւոր Անգլիացի ուսանողներուն առջեւ խօսք առնելով, Նորին Սրբութիւնը մաղթեց որ անոնցմէ ոմանք դառնան ՜՜21-րդ դարու սուրբերը՝՝։

Ան խօսելով Սանդ Մերի համալսարանի բակը հաւաքուած ուսանողներուն, ընդգծեց կաթողիկէ դպրոցներու դերը բաղձալով որ դպրոցը դառնայ անվտանգ վայրը թէ մանուկներուն եւ թէ անչափահասներուն։

Հանդիպումին մասնակցող ուսանողները կը ներկայացնէին Մեծն Պրիտանիոյ 2800 դաստիարակչական կեդրոնները։

՜՜Կ'ապրինք համբաւի մշակոյթի մէջ եւ անչափահասները յաճախ քաջալերուած են նմանելու մարզախաղի եւ կինոյի անձնաւորութիւններուն՝՝, դիտել տուաւ Սրբազան Հայրը նախքան խնդրելը անոնցմէ որ սուրբ դառնան։ Դրամի միջոցաւ կարելի է առատաձեռն ըլլալ ու բարիք ընել, սակայն դրամը առանցին բաւարար չէ երջանիկ դառնալու։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ ՜՜ լաւ դպրոց մը ի վիճակի պէտք է ըլլայ ամբողջական դաստիարակութիւն ջամբելու աշակերտներուն, իսկ՝ կաթողիկէ լաւ դպրոց մը, առիթ պէտք է տայ սուրբ դառնալու՝՝։



Մեծն Պրիտանիոյ կրօնապետերուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, Սրբազան Քահանայապետը նախ ընդգծեց կարեւորութիւնը երկխօսութեան եւ համագործակցութեան այլ կրօններու անդամներուն հետ։ Ապա պահանջեց բոլոր կրօններուն համար պաշտամունքի ազատութիւն եւ հալածանքի բացակայութիւն։ Փոխադարձութեան այս սկզբունքը կրօններու միջեւ պէտք է երաշխաւորէ ամէն հաւատացեալի, իրաւունքը՝ ապրելու իր հաւատքը ամենայն ազատութեամբ եւ ընդգրկելու՝ այլ կրօն մը առանց հալածանքի ենթարկուելու։

Հուսկ՝ Նորին Սրբութիւնը ըսաւ թէ կաթողիկէ եկեղեցին պիտի շարունակէ բարեկամութեան կամուրջներ կերտել այլ կրօններու հետ որպէսզի հատուցանէ անցեալի առնուած՝ սխալ քայլերը այլ կրօններու հետ, եւ քաջալերէ վստահութիւնը անհատներու ու համայնքներու միջեւ։

Նախապէս հրեայ եւ մահմետական երկու կրօնապետեր ողջոյնի խօսք ուղղեցին Սրբազան Քահանայապետին։

Յետմիջօրէին՝ Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում ունեցաւ Գանթերպուրիի առաջնորդ՝ տոքթ. Ռուան Ուիլիամին հետ։

Նորին Սրբութիւնը անոր առջեւ անգամ մը եւս ընդգծեց համամիութեան համագործակցութեան անհրաժեշտութիւնը ու կարեւորութիւնը աշխարհի խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան համար։ Համամիութիւնը (ըսաւ Սրբազան Հայրը) կը հրաւիրէ մեզ հասկացողութեան, սակայն ասիկա պէտք չէ ըլլայ քրիստոնէական ճշմարտութեան հաշւոյն։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իր ցաւը յայտնեց որ ՜՜ներկայ մշակոյթը օրէ օր կը հեռանայ իր քրիստոնէական արմատներէն՝՝։

Ապա Սրբազան Հայրը մատնանշեց թէ բազմացեղային ընկերութիւնը առիթ կու տայ շփում ունենալու այլ կրօններու հետ։ Այս փորձառութիւնը պէտք է մղէ քրիստոնեաները ճանչնալու՝ այլ կրօնական աւանդութիւններ ու միասնաբար վկայելու անհատին վերացականութիւնը ու կոչումը սրբութեան։

Տոքթ. Ուիլիամ իր կարգին կոչ ըրաւ հասարակաց հաւատքի վկայութեան։

Այս հանդիպումին աւարտին Նորին Սրբութիւնը պահ մը տեսակցեցաւ տոքթ. Ուլիամի ընտանեկան պարագաներուն հետ եւ ապա միասնաբար Տէրունական աղօթքը արտասանեցին։

Նշենք թէ՝ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը յաճախ հանդիպում ունեցած է տոքթ. Ուլիամին հետ, Վատիկան։ Ասիկա առաջին անգամն է որ Քահանայապետ մը կ'ընդունուի անկլիգան Լամբէթի պալատը։

Համամիութենական այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք, Սրբազան Հայրը Ուսթմինսդեր պալատին մէջ հանդիպում ունեցաւ Մեծն Պրիտանիոյ քաղաքացիական անձնաւորութիւններու, համալսրանի ու մշակոյթի ներկայացուցիչներու եւ դիւանագիտական մարմնին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.