2010-09-18 12:56:22

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Վարչութեան Հանդիպումը Կիպրոսի Մէջ։


Անցնող օրերուն, Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին Գործադիր Վարչութեան Դիւանի հանդիպումը նախագահութեամբ՝ Արամ Ա. Կաթողիկոսին: Հանդիպման ներկայ էին Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը կազմող չորս ընտանիքներուն՝ ՜՜Արեւելեան Ուղղափառ ոչ Քաղկեդոնական եկեղեցիներու, Ուղղափառ եկեղեցիներու, Կաթողիկէ եկեղեցիներու եւ Բողոքական եկեղեցիներու՝՝ նախագահները:

Յիշեալ հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Խորհուրդին առնչուած վարչական, տնտեսական ու յարաբերական բնոյթ ունեցող շարք մը հարցեր: Յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձաւ Ղպտի Եկեղեցւոյ անդամակցութեան առկախման հարցը: ժողովին նաեւ վերջնական ձեւ ստացաւ յառաջիկայ Շաբաթ Դամասկոսի մէջ տեղի ունենալիք Գործադիր Վարչութեան լիակատար նիստին օրակարգը:       

Այս առիթով Կիպրոսի Ուղղափառ  Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Պետը Խրիսոստոմոս Բ. ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ ժողովականներուն: Ճաշկերոյթին նաեւ ներկայ էին Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ  Պատրիարք Հազիմ Դ., Երուսաղէմի Յոյն Ուղղափառ  Պատրիարք Թէոփիլոս Գ., եւ այլ եպիսկոպոսներ յիշեալ Ուղղափառ եկեղեցիներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.