2010-09-17 13:38:01

Սերպիոյ Պատրիարքին Այցելութիւնը Վիեննա


Սերպիոյ Իրենէօ պատրիարքը 10-14 սեպտեմբեր հովուական այցելութիւն կատարեց Վիեննա հանդիսապետելու՝ Սերպիոյ եկեղեցւոյ թեմին հաստատման 150-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւնները։ Ասիկա նորընտիր պատրիարքին առաջին այցելութիւնն է արտասահնման։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով, պատրիարքը ընդգծեց հարկաւորութիւնը երկխօսութիւն հաստատելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ հետ եւ աշխատելու եկեղեցւոյ միութեան ի խնդիր։

Անցեալ կիրակի օրը, Իրենէօ պատրիարքը հանդիսաւոր համապատարագ մատուցեց ՜՜Յարուցեալ Քրիստոսի՝՝ նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ, որուն ներկայ գտնուեցաւ Վիեննայի առաջնորդը կարտինալ Շոնպորն, որուն հետ ան շաբաթ օրը տեսակցութիւն ունեցած էր կարտինալի առաջնորդարանը։

Յայտնենք թէ ասիկա առաջին անգամը չէ որ պատրիարք Իրենէօ կ'արտայայտուի ի նպաստ երկխօսութեան օրթոտոքս ու կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ։ Ան իր գահակալութեան առաջին ճառին մէջ ընհգծեց թէ՝ իր առաջին պարտականութիւններէն մէկն է աշխատիլ եկեղեցւոյ միութեան համար։

Սերպիոյ պատրիարքը Աւստրիա կեցութեան ընթացքին, նաեւ այցելեց Լինց քաղաքի սերպերու գերեզմանատունը, ուր կը հանգչին աւելի քան 8000 սերպեր, որոնք զոհ գացին նացիներու վարչաձեւին, այդ առթիւ ան օրհնեց գերեզմանատան մատրան հիմնաքարը ։

Իր այցելութեան վերջին օրը պատրիարք Իրենէօ տեսակցեցաւ երկրի նախագահին հետ։

Նշենք թէ Աւստրիոյ մէջ կան աւելի քան 400 հազար սերպ հաւատացեալներ, եւ Վիեննայի սերպիոյ օրթոտոքս թեմը մեծագոյնն է Եւրոպայի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.