2010-09-17 13:35:55

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Կը Քաջալերէ Աշխարհականները Իրենց Սատարը Բերելու Ընկերութեան, Մասնաւորապէս Պայքար Մղելով Յարաբերականութեան Տիրապետութեան Դէմ։


Աւելի քան 130 հազար հաւատացեալներու առջեւ մատուցելով՝ իր առաջին պատարագը Մեծն Պրիտանիոյ հողին վրայ, Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց հաւատացեալները նախընտրելու ՜՜Քրիստոսը փոխան թմրեցուցիչի, դրամի եւ պոռնկութեան՝՝։

Մեր ներկայ օրերուն, շատ կարեւոր է աւետարանել մշակոյթը քանի՝ կը գտնուինք յարաբերականութեան տիրապետութեան դիմաց, որ պայքար կը մղէ մթագնելու մարդկային բնութեան ճշմարտութիւնը, անվախճանը ու անոր գերագոյն բարիքը, բացականչեց Սրբազան Հայրը, ընդգծելով՝ որ կարգ մը անհատներ կ'աշխատին այսօր հեռու պահել կրօնական հաւատալիքը հրապարակին վրայ, ու զայն սահմանել առանձնական մարզին մէջ ու երբեմն ներկայցնել զայն որպէս սպառնալիք հաւասարութեան ու ազատութեան։ Եւ սակայն ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, կրօնքը ՜՜երաշխաւոր՝՝ մըն է ազատութեան, ու ճշմարիտ յարգանքի, քանի մեզ կը մղէ նկատելու ամէն անհատ որպէս եղբայր կամ քոյր։ Սրբազան Հայրը հրաւիրեց աշխարհական հաւատացեալները ըլլալու հաւատքի օրիկաներ հանրային կեանքին մէջ եւ ներկայացնելու իրենց կրօնական տեսութիւնը հանրային բանակցութիւններու ընթացքին։ Ներկայ ընկերութիւնը, յարեց Սրբազան Հայրը, կարիքը ունի պայծառ միտքերու, պահանջելով իրաւուքը ապրելու, ոչ ինքնաքանդիչ ու կամայական սանձարձակ ազատութեան մէջ, այլ ընկերութեան մը մէջ, որ կը գործէ իր քաղաքացիներու ճշմարիտ բարիքին համար եւ յաչս դիւրաբեկ ու տկար մարդոց, կ'ընծայէ խորհուրդ ու պաշտպանութիւն։ 

Ապա Նորին Սրբութիւնը կոչ ըրաւ Սկովտիոյ կաթողիկէ երիտասարդներուն ըսելով. ՜՜Ապրեցէք մեր Տիրոջ ու ձեզի վայելուչ կեանք մը։ Ամէն օր ենթակայ էք բազմաթիւ փորձութիւններու` թմրեցուցիչ, դրամ, սեռականութիւն, ալքոլ եւայլն, որ աշխարհը կը ներկայացնէ որպէս միջոցներ երջանկութեան, սակայն այս բաները կը քանդեն ու կը բանժեն. միայն Քրիստոսի սէրը ձեզմէ իւրաքանչիւրին հանդէպ մնայուն է ու տեւական։

Փնտռեցէք Զայն, ճանչցէք ու սիրեցէք Զինք, եւ Ինք ձեզ կ'ազատագրէ ստրկութենէն որ կը թուի հմայիչ սակայն մակերեսային է՝՝։

Քարոզին մէջ Նորին սրբութիւնը խօսք մը ուղղեց Սկովտիա-ի կաթողիկէ գործատէրերուն, քաղաքագէտներուն եւ դաստիարակիչներուն, հրաւիրելով զանոնք որ չմոռնան իրենց կոչումը՝ ձիրքերն ու փոձառութիւնըը՝՝ դնելու հաւատքի ի սպաս, յանձնառումով աշխատելու՝ ներկայ սկովտական մշակոյթի զարգացման։

Յայտնենք թէ Նորին Սրբութիւնը բացօթեայ պատարագը մատուցեց Պելհաուսթըն հանրային հսկայ զբօսայգիին մէջ։ Ծիսակատարութենէն առաջ դպրոցականներն ու երիտասարդները ջերմ ծափողջոյներով ընդունեցին Սրբազան հայրը։ Պատարագին ընթացքին իր մասնակցութիւնը բերաւ սկովտացի աշխարհռչակ երգչուհին Սուզան Պոյլ։

Յայտնենք թէ՝ Նորին Սրբութիւնը պատարագին աւարտին ուղղուեցաւ Անգլիոյ մայրաքաղաքը, ուր կեցութեան վերջին երեք օրերը կ'անցնէ Լոնտրայի Ուիմլոտոն թաղամասին մէջ ուր կը գտնուի առաքելական դեսպանատունը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.