2010-09-17 13:35:28

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Այցելութիւնը Մեծն Պրիտանիա ։


Այս առաւօտ՝ ժամը 8-ին Սրբազան Քահանայապետը Պապական Նուիրակութեան Կեդրոնի մատրան մէջ մատոյց Ս. Պատարագը որուն աւարտին ինքնաշարժով ուղուեցաւ Թուքընհամի՝ Սենդ Մէրի Իւնիվերսիթի Գոլլէժը ուր հանդիպում ունեցաւ Կաթողիկէ Հաստատութիւններու Դաստիարակչական անձնակազմին հետ, եւ որուն ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Պատգամ մը ուղղեց։ Նոյն Գոլէժի՝ Waldegrave Drawing Room-ի մէջ ժամը 11.30-ին՝ տեղի ունեցաւ հանդիպումը տարբեր դաւանանքներու կրօնապետերու հետ, որ վերջ գտաւ Քահանայապետի ճառով։

Յետմիջօրէին Սրբազան Քահանայապետը այցելութիւն կատարեց Գէնդըրպըրիի Արքեպիսկոպոսին, եւ ապա մեկնելով դէպի Ուէսմինսդեր Հոլ հանդիպում ունեցաւ. Ակադեմական, Գիտական, Մշակոյթի եւ Գործատու աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ ինչպէս նաեւ Դիւանագիտական մարմնի եւ Կրօնական պատասխանատուներուն հետ։ Նորին Սրբութեան Անգլիա այցելութեան այսօրուան յայտագիրը վերջ գտաւ Ուէսմինթէրի՝ Ապպէյ Վանատան մէջ, Էքումենիկ արարողութեամբ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը արտասանեց։








All the contents on this site are copyrighted ©.