2010-09-17 13:37:20

Մեծն Պրիթանիոյ Թերթերը Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Անգլիա կատարած Առաքելական ճամբորդութեան մասին։


Անգլիական The Daily Telegraph Օրաթերթը իր առաջին էջի մեծ մասը կը յատկացնէ Սրբազան Հօր ՝՝ ջերմ բարի եկար-ի՝՝ մաղթանքով մը ,ու ապա պատմելով 9 տարեկան հիւանդ մանջուկի մը պատմութիւնը որ անհամբեր կը սպասէ(մանջուկը) Նորին Սրբութեան հետ իր ունենալիք հանդիպումին։

Ապա The Guardian թերթը նոյնպէս լայն տեղ կը յատկացնէ Քահանայապետի ճամբորդութեան ու նաեւ շքախումբին,բայց կրնանք ըսել որ գրեթէ բոլոր թերթերը ինչպէս The Independent,The Times, The Daily Mail թերթերը որոնք նախ քան Նորին Սրբութեան այցելութիւնը,կը շէշտէին որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հօր Անգլիա այցելութիւնը շատ յաջող պիտի չըլլար ,ժողովուրդը պիտի ըլլար՝՝անտարբեր՝՝ ՝՝պաղ՝՝ նոյնիսկ ՝՝սառած՝՝ եւ ահաւասիկ 24 ժամ ետք գրաւոր մամուլի ու նաեւ ելեկտրոնային թերթերը կը գրեն ՝՝արեւի՝՝ մասին.... համառօտիւ կրնանք ըսել որ յաճախակի գործածուած նախադասութիւններ կը հանդիսանան օրինակի համար ՝՝ Պենետիկտոս ԺԶ . Արեւը ուր երթայ հոն ձիւնը կը հալի՝՝, ինչպէս նաեւ ՝՝ Քահանայապետը կը տաքցնէ սրտերը՝՝նախադասութիւնները .

Անգլիա փոխադրող սաւառնակին մէջ խօսելով լրագրողներուն հետ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ որ ՝՝Կ՝ընթանամ քաջութեամբ եւ ուրախութեամբ՝՝, ապա պատասխանելով լրագրողներու ՝՝մանկամոլ քահանաներու՝՝գայթակղութեան մասին հարցումին ըսաւ թէ ՝՝մեծ ցաւ կը պատճառեն, Եկեղեցին չհսկեց այս պարագաները հարկ եղած ուշադրութեամբ՝՝. Իսկ մեր Ռատիօ Վատիկանի ընդհանուր տնօրէնը որ Քահանայապետին հետ կը ճամբորդէ Հայր ֆէտրիքօ Լոմպարտի իր թղթակցութեան մէջ կը հաղորդէ որ ՝՝Մեծն Պրիթանիոյ մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի վերապահուած ընդունելութիւնը կրնամ սահմանել որպէս ՝՝ Մեծ տօնախմբութիւն մը՝՝ ըլլալով ։








All the contents on this site are copyrighted ©.