2010-09-17 13:29:35

Իռլանտայի 150 հայ բնակիչները եկեղեցիի եւ դպրոցի կարիքն ունին ։


Սեպտեմբերի սկիզբը ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան ընդունեց Տուպլինի մէջ ՀՀ պատուոյ հիւպատոս Օհան Երգայնհարսեանը։ Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը եւ նշելով անոր գործունէութեան կարեւորութիւնը (Իռլանտայի հայ համայնքի կեանքէն ներս)նախարար Հ. Յակոբեան առաջարկեց ստեղծել մասնագիտական խումբեր եւ ամրապնդել կապերը հայրենիքի հետ։ Նշենք, որ Հայաստանի եւ Իռլանտայի միջեւ կան բազմաթիւ նմանութիւններ. երկու երկիրներն ալ ունին մեծ Սփիւռք եւ Սփիւռքի հետ աշխատելու որոշ փորձառութիւն։
Հ. Յակոբեանը ներկայացուց ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան գործունէութիւնը ու յառաջիկայ ծրագիրները՝ մասնաւորապէս անդրադառնալով Սփիւռքի ներուժի համախմբման նպատակով կազմակերպուող համահայկական մասնագիտական համաժողովներուն, Հայ բարերարներու ճեմուղիի հիմնադրում ծրագրին եւ այլն։
Նախարարը ողջունելով Օ. Երգայնհարսեանի նախաձեռնութեամբ Տուպլինի մէջ Սրբուհի Հռիփսիմէ կիրակնօրեայ դպրոցի բացումը,առաջարկեց Իռլանտայի մէջ ստեղծել նաեւ հայկական համայնքային կազմակերպութիւն, իսկ հետագային պատրաստել համայնքի մասին պատմող ֆիլմ եւ գրել համայնքի պատմութիւնը։ Ներկայացնելով ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան ՝՝Մեր մեծերը՝՝ ծրագիրըտիկին Հրանուշ Յակոբեանը յորդորեց Սրբուհի Հռիփսիմէ Դպրոցին մէջ միջոցառումներ կազմակերպել վիճարկուած ծրագրի ծիրէն ներս։







All the contents on this site are copyrighted ©.