2010-09-16 13:18:08

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Դէպի Մեծն Պրիտանիա։


Այս առաւօտ ժամը 8.10ին, Հռոմի Չամբինo օդակայանէն, սկիզբ առաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի չորս օրուայ առաքելական ճամբորդութիւնը Մեծն Պրիտանիա, ուր նախատեսուած է Կարտինալ Ճոն Նիւմանի Երանացման արարողութիւնը։ Նշենք թէ այս այցելութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ-ի՝ 17րդ առաքելական ճամբորդութիւնն է Ւտալական սահմաններէն դուրս, եւ ունի իբր նշանաբան ՜՜Սիրտը կը խօսի սիրտին՝՝ բառեր որոնք արձանագրուած էին Կարտինալ Նիւմանի Կարտինալական զինանշանին վրայ , քաղուած Սալէսի Սուրբ ֆրանչիսկոսի գրութիւններէն։
Սրբազան Քահանայապետին օդանաւը հասաւ Էտինպուրկ ժամը 10.30 ին, ուր տեղի ունեցաւ պաշտօնական ՜՜ընդունելութիւնը՝՝ ներկայութեամբ՝ Եղիսաբէթ Բ. թագուհիի ամուսնոյն Էտիմպուքի Դուքսին։ Ապա շքախումբը փոխադրուեցաւ ՜՜Հոլի Րուտ Հաուսի՝՝ Արքայական Պալատ, ուր տեղի ունեցաւ ՜՜բարի գալուստի՝՝ պաշտօնական արարողութիւնը Եղիսաբէթ Բ թագուհիին ներկայութեամբ։ Հանդիպումի աւարտին ՜՜Հոլի Րուտ Հաուսի՝՝ Արքայական Պալատի պարտէզներուն մէջ տեղի ունեցաւ Քահանայապետի պաշտօնական հանդիպումը ՜՜իշխանութիւններու՝՝ հետ, որուն ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը ճառ մը արտասանեց։ Ապա Նորին սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Էտիմպուրկի Արքեպիսկոպոսական Պալատ, ուր նախատեսուած էր հակիրճ դադար մը, ուրկէ Նորին Սրբութիւնը ինքնաշարժով մեկնեցաւ դէպի Կլասկօու։ Կլազգօուի ՜՜Պելլահուսդէն Բարգ՝՝ին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ժամը 17.15 գլխաւորեց Սրբազան Պատարագի արարողութիւնը եւ արարողութեան աւարտին Կլազգօուի օդակայանէն մեկնեցաւ Լոնտոն եւ տեղափոխուեցաւ Պապական Նուիրակութեան Կեդրոնը որ կը հանդիսանայ Սրբազան Հօր այս չորս օրուայ ճամբորդութեան կեցութեան վայրը։



 







All the contents on this site are copyrighted ©.