2010-09-16 13:25:33

Մեծն Պրիթանիոյ Օրաթերթերը՝ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Առաքելական Ճամբորդութեան Մասին Որ Սկիզբ Առաւ Այսօր։


Անգլիոյ գրեթէ բոլոր թերթերը առաւել կամ նուազ իրենց էջերու վրայ տեղ կուտան Սրբազան Քահանայապետի Անգլիա այս կարեւոր այցելութեան,քանի որ ասիկա Առաքելական ճամբորդութիւն մըն է ,այսինքն՝Անգլիոյ Պետութեան կատարուած եւ ոչ ինչպէս որ կատարած էր երջանկայիշատակ ՅՊԲ.Սրբազան Քահանայապետը (անցեալին) Հովուական Այցելութիւն մը։
Անգլիոյ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող Daily Mail եւ The Sun թերթերը կը բաւարարուին իրենց ներքին էջերուն մէջ տեղ տալով Նորին Սրբութեան այցելութեան։
Իսկ The Daily Telegraph (պահպանողական խաւի օրաթերթ) ամբողջ էջ մը կը յատկացնէ Սրբազան Հօր այցելութեան, անդրադառնալով Քահանայապետի կեանքին եւ ուսուցումին սա վերտառութեամբ ՝՝ Լուրջ մարդ մը որ կուգայ պատգամով մը որը (պատգամը)կրնայ նսեմանալ՝բարձրացող անիմաստ աղմուկէն՝՝.
The Guardian Թերթը(ծախակողմեան պատմական օրաթերթ մը) իր առաջին էջին վրայ կը գրէ թէ ինչպէս ՝՝մանկամոլ քահանաները տակաւին կարեւոր դեր կը խաղան Եկեղեցիէն ներս՝՝,իսկ նոյն թերթի այլ մէկ էջին վրայ գրի առնուած յօդուած մը կ՝ըսէ որ ՝՝կաթողիկէութեան սխալ մէկ համապատկերը կը մթագնէ անոր իսկական բնութիւնը....(այսինքն մանկամոլութեան պարագաները այռ կան ,բայց միւս կողմէ չմոռնալ Եկեղեցւոյ ըրած բարիքներն ալ).
Հուսկ The Times օրաթերթը (հեղինակաւոր անցեալ ունեցող թերթ մը որ այժմ մեծահարուստ Մուրտոք-ի սեփականութիւն դարձած է) մէջբերում կ՝ընէ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի մէկ մեկնութիւնը Ընտանիքի մասին,որ Սրբազան Հայրը արտասանած էր Սուրբ Աթոռի մօտ Գերմանիոյ Նոր Դեսպանի Հաւատարմագրերու ներկայացման առթիւ։ Նոյն թերթին մէջ առաւել հետաքրքրական է անգլիոյ մահմէտականներու տեսակէտը արտայայտուած յօդուածով մը յորում կը գրէ ՝՝ Նոյն Աստուածը ունինք. Քրիստոսի մէկ պատգամաւորը կրնայ միայն բարիք բերել Մահմէտականներուն՝՝։







All the contents on this site are copyrighted ©.