2010-09-16 13:29:16

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան Այցելեց Հ Հ Մօտ Լիբանանի Դեսպանը Կապրիէլ Ժէարա։


Երեքշաբթի, 14 սեպտեմբեր 2010-ին, Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը ընդունեց Հայաստանի մօտ Լիբանանի դեսպան պրն. Կապրիէլ Ժէարան, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ։

Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եւ դեսպանը քննարկեցին Հայաստանի ընկերային քաղաքական իրավիճակը։

Դեսպանը անդրադարձաւ փոքրամասնութիւններու կացութեան , նշելով որ՝ ըստ կատարուած վերջին մարդահամարին Երեւանի Ամերիկեան համալսարանի հովանաւորութեամբ, հայ կաթողիկէներու թիւը Հայաստանի տարածքին 180 000 կը հաշուէ։

Պրն. Ժէարա պարզեց նաեւ իր լաւ յարաբերութիւնները Էջմիածնի հետ, մանաւանդ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. ին հետ։

Ինչպէս նաեւ՝ ան անդրադարձաւ Ղարաբաղի հարցին, յայտնելով թէ Ղարաբաղը շատ կարեւոր միջնաբերթ մը կը ներկայացնէ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներուն համար։

Հանդիպման աւարտին, դեսպանը արտայայտեց իր ջերմ զգացումները Հայաստանի եւ հայութեան հանդէպ, բարի մաղթանքներ փոխանակելով Հոգեւոր տիրոջ հետ:

Յիշենք, որ դեսպան պրն. Կապրիէլ Ժէարա տարիներ առաջ դասաւանդած է Պէյրութի Հ. Կ. Մեսրոպեան վարժարանին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.