2010-09-16 13:18:21

Անգլիոյ Դեսպանը Կ'արտայայտէ Անգլիոյ Հանրային Կարծիքը Սրբազան Քահանայապետին Մասին։


Իտալական ''ֆամիլիա քրիստիանա'' հանրածանօթ շաբաթաթերթին հետ ունեցած ելոյթով Անգլիոյ դեսպանը Վատիկանի մօտ` տիար ֆրանսիս Գամբել յայնտած է .՜՜ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը անգլիացի հանրութենէն նկատուած է աշխարհի մեծագոյն հնարամիտներէն մէկը, եւ մեծ խանդով ընդունած է ''Սէրը ճշմարտութեան մէջ'' շրջաբերական թուղթը՝՝։ Եկեղեցականներուն պատճառած գայթակղութիւններու մասին խօսելով՝ դիւանագէտը հաստատած է թէ՝ ներկայ Քահանայապետը ստանձնած է պատասխանատուութիւնը գտնելու արդար լուծումը կղերականներու գայթակղութեան վերաբերեալ։ Դիւանագէտը անդրադառնալով հանդերձ Վատիկանի եւ Անգլիոյ միջեւ գոյացող տեսութիւններու տարբերութիւններուն ըսաւ թէ երկու կողմերուն մօտ կայ գիտակցութիւնը բարւոքելու խնամքը սիտայի հիւանդներու նկատմամբ։



Իսկ անկլիգան աստուածաբան հայր Նիքոլաս Սակովսքին ֆրանսական ՜՜Լա Գրուա՝՝ օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին, մատնանշած է թէ ՜՜երկխօսութիւնը կաթողիկէ եւ անկլիգան եկեղեցիներու միջեւ ոչ թէ նահանջած չէ, այլ նոյն թափով կը շարունակուի հակառակ խոչընդտոտներուն՝՝։ Ապա խօսելով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին Անգլիա առաքելական ճամբորդութեան մասին, զայն ''պատմական եւ խորհրդնշանական'' որակած է։ Այս առաքեալական ճամբորդութիւնը բոլորիս կը յիշեցնէ մեր քրիստոնէական արմատները։ Ան հաստատած է թէ ինք անձամբ պիտի մասնակցի, ուրբաթ օրը, համամիութենական աղօթքին ՜՜Ուեթմինսդեր՝՝ աբբայարանին մէջ, որուն պիտի հանդիսապետեն Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը եւ Գանդերպուրի արքեպիսկոպոսը՝ Ռուան Ուիլիամս։ Նշենք որ հայր Նիքոլաս Սակովսքին անդամ է ՜՜հռոմէական անկլիգան-կաթողիկէ՝՝ միջազգային յանձանխումբին։










All the contents on this site are copyrighted ©.