2010-09-15 14:46:40

Փրօ-Օրիան Կազմակերպութեան Պատուիրակութիւնը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ։


12 Սեպտեմբերին՝ Խաչվերացի տօնին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, Վանական խորհուրդի նախագահ Փառէն եպ. Աւետիքեան յանուն Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, ընդունեց Հռոմէակաթողիկէ Եկեղեցւոյ Զալցբուրի արքեպիսկոպոսը Տոքթ. Ալոյս Քոթասէր եւ Փրօ-Օրիան կազմակերպութեան ներկայացուցիչները, ուղեկցութեամբ՝ Մայր Աթոռի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու՝ Յովակիմ եպ. Մանուկեանի։

Փառէն Սրբազանը իր խօսքին մէջ յայտնելէ ետք որ Վեհափառը այս օրերուն հովուապետական այցով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ կը գտնուի, անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ Վատիկանի միջեւ առկայ սերտ եղբայրական յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ տասնամեակներու համաործակցութեան Փրօ-Օրիան շրջանակներու մէջ։

Իր կարգին Զալցբուրի արքեպիսկոպոսը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ջերմ ու բարեկամական ընդունելութեան համար, ապա անդրադարձաւ Փրօ-Օրիան կազմակերպութեան գործունէութեան՝ ի մասնաւորի վերյիշելով կազմակերպութեան ղեկավարութեան բազում հանդիպումները Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռներու գահակալներու հետ։ Իսկ Ալոյս Քոթասէր արքեպիսկոպոսը շեշտեց, որ նոյն ջերմ ու եղբայրակայն յարաբերութիւնները կը շարունակուին նաեւ այսօր, ի դէմս Մեսրոպ արք. Գրիգորեանի։

Զալցբուրի արքեպիսկոպոսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Աւստրիոյ քաղաքական, հասարակական բազում գործիչներ, ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ս.Պատարագին։








All the contents on this site are copyrighted ©.