2010-09-15 14:46:07

Թոնի Պլէրի Մէկ Յօդուածը Տպագրուած Վատիկանի Կիսապաշտօն Օսսերվաթորէ Րոմանոյի Առաջին Էջի Վրայ։
 


Օսսերվաթորէ Րոմանոն` Վատիկանի Կիսապաշտօն օրաթերթը` Չորեքշաբթի 15 սեպտեմբերին, առաջին էջի վրայ հրատարակեց Անգլիոյ երբեմնի վարչապետ Թոնի Պլէրի մէկ յօդուածը, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի յատկանշական ճամբորդութեան մասին , որ տեղի կ̓ունենայ սեպտեմբեր 16էն-19։ Անգլիոյ մէջ սուրբերը հազուագիւտ են - կր գրէ Թոնի Պլէրը - անգլիացի Կաթողիկէները ուստի շատ ուրախ են Ճոն Հէնրի Նիւմանի երանացման առիթով։ Ասոր համար է նաեւ որ Սրբազան Քահանայապետ մը պիտի այցելէ մեր երկիրը։ Քահանայապետ մը որ համախոհ է Նիւմէնի հոգիին եւ մտածելակերպին հետ։ Թոնի Պլերը այս իր յօդուածին մէջ կը մատնանշէ Նիւմէնի քաջութիւնն ու վճռականութիւնը պաշտպանելու ՜՜հոգեւոր իրականութիւնը՝՝ ։ Քաջութիւն մը - կը գրէ Պլէր - որ շատ մը կաթողիկեներ կը վերագրեն նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին։ Պլեր կ̓ակնարկէ նաեւ միջկրօնական յարաբերութիւններու հարցին շուրջ եւ եկեղեցւոյ այս դիտմամբ կատարած կարեւոր գործունէութեան որուն մէջ կ̓ընդգծուի նաեւ սրբազան Քահանայապետին այս այցելութիւնը։ Պլեր կ̓եզրափակէ իր յօդուածը անդրադառնալով վիճաբանութիւններուն որ տեղի կ̓ունենան Նիւմենի երանացման հարցին շուրջ։ Մի քանիներ հարց կու տան թէ արդեօ՞ք այս է ուղիղ միջոցը արժեւորելու եւ յարգելու Երանելի Նիւմէնը, բայց յուսամ ոչ մէկը կրնայ տարակոյս ունենալ թէ Նիւման իր ուսուցումներով եւ գաղափարներով կրնայ նկատուիլ ՜՜եկեղեցւոյ վարդապետ՝՝։





  







All the contents on this site are copyrighted ©.