2010-09-14 14:07:26

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը Ընդունեց Դաշնակցային Գերմանիոյ Նոր Դեսպանին հաւատարմագրերը։


Սրբազան Հօր Մտահոգութիւնը Ի Տես Այն Օրէնքներուն Որոնք Կ'արժէքազրկեն Քրիստոնէական Ամուսնութիւնը։

Սրբազան Քահանայապետը ընդունելով Քահանայապետական ամարանոցի առաքելական պալատին մէջ Դաշնակցային Գերմանիոյ նոր դեսպան տիար Վալթեր Եուրկէն Շմիտին հաւատարմագրերը, յայտնեց կաթողիկէ եկեղեցւոյ մտահոգութիւնը ի տես Գերմանիոյ նոր օրէնսդրութեան, հայող՝ ամուսնութեան եւ ընտանիքին, որ կ'արժէքազրկէ քրիստոնէական ամուսնութեան ըմբռնումը։ Նոյնպէս Սրբազան Հայրը զգուշացուց թոյլտուութիւնը հեշտամահի։

Եկեղեցին, ըսաւ Սրբազան Հայրը, մտավախութեամբ կը դիտէ ամուսնութեան եւ ընտանիքի քրիստոնէական ըմբռնումի ջնջումին աճող փորձերը, մատնանշելով թէ ամուսնութիւնը մնայուն սիրոյ միութիւնն է այր մարդու եւ կնոջ միջեւ ու կը միտի նաեւ կեանքի հաղորդումին։ Նորին Սրբութիւնը դիւանագէտին հետ տեսակցութեան ընթացքին շեշտեց ըսալով.՜՜ Եկեղեցին չի կրնար վաւերացնել ամուսնութեան նոր ապրելակերպերը եւ օրէնքները, որոնք կը միտին տկարացնել բնական իրաւունքի սկզբունքը, եւ յարաբերական դարձնել ամէն օրէնսդրութիւն, խառնաշփոթութիւն ստեղծելով ընկերութեան մէջ։ Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ նաեւ՝ կեանքի բնական օրէնքին մասին, մատնանշելով թէ մարդկային անհատը պէտք է պաշտպանուի տկար կացութեան մէջ, սաղմէն սկսեալ մինչեւ բնական մահը։ Հուսկ Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ նաեւ Գերմանիոյ նացիական ահաբեկչութեան մութ շրջանին մասին, անդրադառնալով յառաջիկայ ամիսներուն տեղի ունենալիք քահանաներու երանացումին, որոնք զոհ գացին նացիական վարչաձեւին։



Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը հակիրճ nւնկնդրութիւն շնորհեց Փաքիստանի Փոքրամասնութիւններու նախարար Շահպազ Պհաթիին։

Հանդիպումին ընթացքին Սրբազան Հայրը խօսեցաւ Փաքիստանի ջրհեղեղի պատճառած մարդկային ու նիւթական մեծ աղէտներուն մասին, խոստանալով իր սատարը բերել սփոփելու աղէտեալները։ Նոյնպէս Նորին Սրբութիւնը քաջալերեց Փաքիստանի կառավարութիւնը հետապնդելու միջկրօնական երկխօսութիւնը։







All the contents on this site are copyrighted ©.