2010-09-14 14:14:22

Մայր Թերեզայի Ծննդեան 100րդ Տարեդարձին Առիթով Յարգանքի Օր։


ՈԻՆեՍԳՕ- ն Միացեալ Ազգերու՝ Կրթութեան, գիտութեան եւ մշակոյթի կազմակերպութիւնը Մայր Թերեզայի ծննդեան 100 ամեակին առիթով , յարգանքի օր մը կազմակերպած է Փարիզի մէջ, մեծարելու Մայր Թերեզան ՜՜Աղքատներու Մայրը՝՝ եւ 1979ի Խաղաղութեան Նոպելեան մրցանակի արժանացողը։ Հանդիպման ընթացքին նախատեսուած է Մայր Թերեզայի կեանքի եւ գործունէութեան վերաբերող փաստագրային ժապաւէնի մը ցուցադրումը, համերգ եւ այլ ելոյթներ ու վկայութիւններ։
Օրուան բանախօսը պիտի հանդիսանայ գերապայծառ ֆրանչէսգօ ֆոլլոն՝
Ունեսքոյի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտը, որ պիտի խօսի ՜՜Մայր Թերեզայի գթութեան եւ սիրոյ՝՝ մասին, ապա խօսք պիտի առնէ Քոյր Եոհան` Գթութեան քույրերու միաբանութեան խորհրդատուն որ պիտի ներկայացնէ փակման խորհրդածութիւնը։ Այս առիթով նաեւ բացումը պիտի կատարուի ՜՜Մայր Թերեզա- Կեանք ու պատգամ՝՝ խորագրով պատկերներու ցուցահանդէսին որ պիտի տեւէ մինչեւ 30 սեպտեմբեր 2010-ը։ 







All the contents on this site are copyrighted ©.