2010-09-14 14:08:01

Թինա Քէյտանաու-ի Հանդիպումները Հայաստանի Մէջ ։


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան (երէկ) ընդունեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի Եւրոպական եւ Եւրասիական հարցերով տեղակալի օգնական Թինա Քէյտանաու-ն ։ Ողջունելով իր հիւրը՝ հանրապետութեան նախագահը նշեց, որ այցելութիւններու յաճախականութիւնը կարեւոր է հայ-ամերիկեան բազմաբնոյթ եւ համակողմանի երկխօսութեան շարունակութեան տեսանկիւնէն։
Ըստ Սարգսեանի, Միացեալ Նահանգներու հետ յարաբերութիններուն մէջ արձանագրուած բարձր մակարդակը եւ անոնց հետագայ ընդլայնումը, Հայաստան կը դիտարկէ իբրեւ երկրի տնտեսական զարացման, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման ու ամրապնդման կարեւոր գործօն։ Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին ռազմաքաղաքական, կրթական եւ մշակութային մարզերուն մէջ հայ-ամերիկեան գործակցութեան համար։
Նախանցեալ օր Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Յովիկ Աբրահամեան նոյնպէս ընդունեց Թինա Քէյտենաու-ն եւ այդ հանդիպման ընթացքին ան յայտարարեց, որ Հայաստան հաւատարիմ կը մնայ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման բանակցութիւններու միջոցով, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ։ Թինա Քէյտենաու հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանի հետ։







All the contents on this site are copyrighted ©.