2010-09-14 14:08:16

 Վատիկանի Առաքելական Մատենադարանի Վերաբացում։


Մատենադարանի նորոգութենէն ետք, որուն աշխատանքները 3 տարի տեւեցին, յառաջիկայ 20 սեպտեմբերին  Վատիկանի առաքելական մատենադարանը դարձեալ իր դռները պիտի բանայ հանրութեան։ Մատենադարանին մէջ զետեղուած են աւելի քան 150 հազար ձեռագիրներ, մէկ միլիոն 600 հազար հատորներ պահուած՝ բազմաթիւ քիլոմեթր երկայնութեամբ գիրքերու դարաններու մէջ։

Վատիկանի առաքելական մատենադարանը աշխարհի կարեւորագոյն մատենադարաններէն մէկն է։Երկուշաբթի 13 սեպտեմբերին  Վատիկանի առաքելական մատենադարանի կառավարիչը կարտինալ Ռափայէլ ֆարինան մամուլին առջեւ ներկայացուց կատարուած աշխատանքներուն արդիւնքը։





Տեղեկագիր Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ու Զուիցերիոյ Պետութեան Միջեւ։

Զուիցերիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասը վերջերս հրապարակած է երեք լեզուներով տեղեկագիր մը կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու Զուիցերիոյ պետութեան միջեւ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.