2010-09-13 13:28:39

ՀՀ վարչապետը մասնակցեցաւ թումանեանական նախաձեռնութեանց։


Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան Սեպտեմբեր 5-ին այցելեց ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ծննդավայր Դսեղ՝ մասնակցելու հոն կատարուող Թումանեանական հէքիաթի օր խորագրով տիկնիկային(խամաճիկային) թատրոններու միջազգային փառատօնին։
Կառավարութեան ղեկավարը բացման հանդիսաւոր արարողութենէն յետոյ շրջեցաւ համայնքէն ներս, այցելեց գիւղի դպրոցը։ Տիգրան Սարգսեանը կարճատեւ խորհրդակցութիւն ունեցաւ կրթօճախի աշխատակիցներու եւ մարզպետի մասնակցութեամբ, ուր առաջ քաշուեցան դպրոցի մասնաշէնքի վերանորոգման, ներհամայնքային՝ դէպի դպրոց տանող ճանապարհի վերականգման խնդիրները։ Խորհրդակցութեան աւարտին դպրոցի անձնակազմը Դսեղ Գիրքը՝ որպէս խորհրդանշական նուէր, յանձնեց վարչապետին։ Գործադիրի ղեկավարը շրջայց կատարեց դպրոցը, ծանօթացաւ շէնքային պայմաններուն։ Յովհաննէս Թումանեանի տուն-թանգարան այցելութենէն յետոյ Տիգրան Սարգսեանը պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն՝ մասնաւորապէս նշելով՝՝ Մենք ցանկանում ենք հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել այս միջոցառման վրայ եւ, իհարկէ ցանկալի է, որպէսզի բոլոր ծնողները իրենց երեխաների հետ մասնակցեն այս հիասքանչ միջոցառմանը, որը միջազգային կարգավիճակ ունի։ Փառատօնը բնականաբար հնարավորորութիւն է տալու նաեւ ծանօթացնել Թումանեանը, աշխարհին ներկայացնել մեր մեծատաղանդ գրողը ՝՝։
Վարչապետը Դսեղ եկած էր իր կնոջ եւ որդիներու ուղեկցութեամբ, որոնց հետ մասնակցեցաւ տիկնիկային փառատօնի ընթացքին կազմակերպուած միջոցառումներուն։ Թումանեանական հեքիաթի օր խորագրով տիկնիկային թատրոններու միջազգային փառատօնը տեղի կունենայ Դսեղ գիւղը Սեպտեմբեր 5-11ը։







All the contents on this site are copyrighted ©.