՜՜ Քահանայապետին Դերը՝՝ Միակ Բանը Որ Կը Բաժնէ Երկու Եկեղեցիները
Դաշնակցային Ռուսիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսական Դասին Բաղձանքը Օրթոտոքս Հզօր Եկեղեցի Մը։ Ռուսիոյ
կաթողիկէ համայնքը փոքրամասնութիւն մըն է եւ պէտք է համագործակցիլ օրթոտոքսներու հետ,
միայն այսպէսով կարող է լաւագոյն կերպով բարգաւաճիլ ու զարգանալ, յայտարարած է հայր Իկոր
Քովալչէք ընդհանուր քարտուղարը Դաշնակցային Ռուսիոյ կաթողիկէ եպիսկոպոսական դասին, ընդգծելով
որ ՜՜ մեզ կը հետաքրքրէ որ օրթոտոքս եկեղեցին ըլլայ հզօր՝՝։ Մամուլին հետ ունեցած ելոյթով՝
Հայր Իկոր մատնանշած է ՜՜երկու եկեղեցիները գրեթէ միեւնոյն ուսուցումը ունին բազմաթիւ
հարցերու մէջ, մասնաւորապէս այն ինչ կը հայի ընկերութեան արժէքներուն ու հոգեւոր կեանքի
եւ դաստիարակութեան՝՝։ ՜՜Երկու եկեղեցիները, ըսած է Հայր Քովալչէք, կը գտնուին միեւնոյն
մարտահրաւէրին առջեւ` արդի աշխարհականացումը ու Եւրոպայի վերաւետարանութիւնը։ Միակ բանը
որ կը բաժնէ երկու եկեղեցիները, Քահանայապետին դերն է՝՝, յայտնած է ան։