2010-09-12 13:37:37

Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։


Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը ։



կիրակի 12 սեպտեմբեր Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, կէսօրին` Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը արտասանեց, ԳասթելԿանտոլֆօ քահանայապետական ամառանոցէն, տասնեակ հարիւրաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Մարեմեան աղօթքէն առաջ, նորին սրբութիւնը հետեւեալ խորհրդածութիւնը կատարեց.

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր,

Այսօրուան Աւետարանը մեզի կը խօսի Աստուծոյ ողորմութեան ու գթութեան մասին։ Յիսուսի երեք առակները`Հովիւը որ կ'երթայ կորսուած ոչխարը փնտռելու, կինը որ կը փնտռէ իր կորսուած տրախման եւ անառակ որդին, որ վատնելով հայրենական ժառանգութիւնը կը զղջայ եւ տուն կը վերադառնայ ուր ճամբու վրայ կը գտնէ իր հայրը որ իր վերադարձին կը սպասէ։

Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր ի՞նչպէս չբանալ մեր սիրտը մեր երկնաւոր Հօր որ այնքան մեզ կը սիրէ եւ չի յոգնիր մեր զղջումին ու հայրենական տուն վերադարձին։ Զղջումն ու ապաշխարութիւնը չափանիշն է մեր հաւատքին ու ստացած շնորհքին, ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալը իր թուղթերուն մէջ։

Ապա Նորին Սրբութիւնը ներկաներուն յիշեցուց թէ յառաջիկայ հինգշաբթի օրը Անգլիա կը մեկնիմ , ուր երանելի պիտի հռչակեմ կարտինալ Ճոն Հէնրի Նիւուման։ Անոր անձնաւորութիւնը եւ ուսուցումը համամիութեան ներշնջումի աղբիւր է մեր ժամանակակից մարդոց։ Կանխաւ ձեզի շնորհակալ եմ ձեր աղօթքին համար, որպէսզի Տէրը օրհնէ այս առաքելական ճամբորդութիւնը եւ միաժամանակ ձեզ կը յանձնառարեմ Ամենասուրբ Կոյս Մարիամին հովուանաւորութեան։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը յիշեցուց թէ այսօր կիրակի Սպանիայի Կրանատա քաղաքին մէջ երանելի հռչակուեցաւ Աստուծոյ ծառայ ֆրանչիսքեան եղաբյր Լեոփոլտօ տէ Ալբանտէյեր։ կը խնթակցիմ ֆրանչիսքեան ընտանիքին հետ սուրբերու ու երանելիներու երկար շարքին համար։

Սրբազան հայրը իր խորհրդածիութիւնը եզրափակեց ըսելով. Ձեզի ամէնուդ կը մաղթեմ բարի կիրակի եւ Բարի շաբաթ մը։



իսկ Այժմ լսելի կ'ընենք Սրբազան Քահանայապետին տուած օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.