2010-09-11 12:56:07

Հալէպի Մէջ, Մանուկներու Համաշխարհային Օրուան 8-րդ Տօնակատարութեան Առթիւ Մրցոյթին՝ 8-ամեայ Հայ Աշակերտուհի՝ Վերժին Ապաճեան Առաջին Հանդիսացած։


Հալէպի մէջ (Սուրիա), կազմակերպութեամբ մշակոյթի նախարարութեան եւ մանուկներու զարգացման բաժանմունքի տնօրէնութեան, համագործակցութեամբ Հալէպի կառավարիչին եւ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ին, վերջերս տեղի ունեցաւ Համաշխարհային մանուկներու օրուան 8-րդ տօնակատարութեան ընթացքին շահած մանուկներուն մրցանակաբաշխութիւնը։ Մրցումը կը ներառէր՝ գրականութիւն, արուեստ եւ մանկական գրականութիւն։

Մրցանակաները յանձնեցին մշակոյթի նախարար դոկտ Ռիատ Նաասան Աղա եւ Հալէպի կառավարիչ ճրտգ Ալի Մանսուրա։ Արտասանութեան, պատմութեան, գծագրութեան եւ մանկական գրականութեան ծիրին մէջ մասնակցած էին 70 մանուկներ։ Մրցանակակիրներու մէջ էր նաեւ Դամասկոսի Ազգային միացեալ վարժարանի աշակերտուհի Վերժին Ապաճեան, 8 տարեկան, որ հանդիսացաւ առաջին։








All the contents on this site are copyrighted ©.