2010-09-11 12:28:36

Ակնարկ Մը Անգլիոյ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ներկայ Իրավիճակին Մասին, Սրբազան Քահանայապետի


Սեպտեմբեր 16-19 Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ Անգլիա։ Այս առթիւ կու տանք Անգլիոյ կաթողիկէ եկեղեցւոյ տուեալները։

59 միլիոն 381 հազար բնակչութեան, 5 միլիոն 264 հազարը կաթողիկէ է, երկրին 8,87 տոկոսը։ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 32 եկեղեցական գաւառներ եւ 2.977 ժողովրդապետութիւններ, որոնց կը սպասաւորեն 59 եպիսկոպոսներ եւ 5.225 ժողովրդապետներ, 6.497 կրօնաւորներ, 160 նուիրեալ աշխարհականներ եւ 34.669 կրօնուսոյցներ։ Քահանայութեան պատրաստուողներու թիւն է՝ 245 ։ Կաթողիկէ եկեղեցին ունի 2.828 կրթական կառոյցներ, որոնց կը յաճախեն 806.334 աշակերտներ եւ ուսանողներ։ Նոյնպէս Եկեղեցին ունի 8 հիւանդանոցներ, մէկ դարմանատուն, 171 ծերանոց, 79 որբանոց եւ մանկամսուր, 94 ընտանեկան կեդրոններ կեանքի պաշտպանութեան համար, 147 ընկերային կազմութեան ի խնդիր եւ այլ՝ 31 հաստատութիւններ։








All the contents on this site are copyrighted ©.