Փոխադարձ Յարգանքը Հիմքը կը կազմէ բոլոր Կրօններու Բարոյական Համակարգին Կ'ըսէ Արամ
Ա. Կաթողիկոս:
Դատապարտելով Միացեալ Նահանգներու մէջ մի քանի քրիստոնեայ հոգեւորականներու կողմէ Քուրանին
նկատմամբ ունեցած անվայել կեցուածքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս ըսաւ. ՙՄեծապէս դատապարտելի է
այս անպատասխանատու վերաբերումը իսլամ կրօնքին գերագոյն արժէքը նկատուող Քուրանին նկատմամբ:
Իւրաքանչիւր կրօնք իր ճշմարտութիւնները, սկզբունքները, արժէքները եւ ուսուցումները ունի
եւ անոնք սրբազան են այդ կրօնքին համար: Կրօնք մը պէտք է յարգանք ունենայ այլ կրօններու
դաւանած ճշմարտութիւններուն ու արժէքներուն նկատմամբ: Փոխադարձ յարգանքը հիմքը կը կազմէ
բոլոր կրօններու բարոյական համակարգին՚:
Շարունակելով իր խօսքը, Արամ Ա. Կաթողիկոս
յիշեցուց, Աստուծոյ Որդւոյն՝ Քրիստոսի խօսքը, թէ պէտք է սիրել ու յարգել դրացին. ՙՀամաշխարհայանացած
ներկայ աշխարհին մէջ կրօններ միասնաբար կ’ապրին նոյն ընկերութեան մէջ, որպէս անմիջական
դրացիներ: Հետեւաբար, փոխադարձ յարգանքը, հասկացողութիւնը ու համակեցութիւնը պէտք է առաջնորդող
սկզբունքները դառնան բոլոր կրօններուն: Իւրաքանչիւր կրօնք ազատ է իր դաւանած արժէքներուն
ու ճշմարտութիւններուն կառչելու, սակայն այդ չի նշանակեր անարգական վերաբերում ունենալ
այլ կրօններու նկատմամբ: Միջին Արեւելքի մէջ դարեր շարունակ իսլամութիւնը ու քրիստոնէութիւնը
միասնաբար ապրած են նո՜յն ընկերութեան մաս կազմելով՝ փոխադարձ յարգանքով ու հասկացողութեամբ:
Հայ ժողովուրդը եւս 7րդ դարէն սկսեալ Հայաստանէն մինչեւ Կիլիկիա ու Միջին Արեւելք, խաղաղ
գոյակցութիւն ու շինիչ գործակցութիւն ունեցած է իսլամութեան հետ: Ներկայ աշխարհը կը պարտադրէ
որ կրօններ ոչ միայն խաղաղ գոյակցութիւն ունենան, այլ նաեւ միասնաբար դիմագրաւեն ներկայ
աշխարհի տագնապներն ու մարտահրաւէրները՚, ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս: