2010-09-10 12:46:43

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին հանդիպումը Եւրոխորհուրդի գրասենեակին անդամներուն հետ։


''Իւրացնելիք վճիռները հիմնել կայուն արժէքներու վրայ եւ չվստահիլ յարաբերականութեան'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը, ընդունելով Եւրոխորհուրդի գրասենեակէն 40 անդամներ, հրաւիրեց զանոնք որ զգուշանան յարաբերականութեան վտանգներէն հայող՝ արժէքներու, իրաւունքի ու պարտականութեանց մարզերու։ Այս բոլորը պէտք է որ հիմ ունենան, կայուն եւ ամուր հիմեր ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Բոլոր այն արժէնքները, իրաւունքը եւ պարտականութիւնները որոնք կը հիմնուին մասնակի մշակոյթներու վրայ եւ որոնք չունին առարկայական ու տրամաբանական հիմք, եւ հաւասար բոլոր ժողովուրդներու, կարող չեն դառնալ կայուն ու ամուր հիմք գերազագային հաստատութիւններուն, ինչպէս Եւրոխորհուրդի։

Մշակոյթներու միջեւ պտղաբեր երկխօսութեան առաջնահերթ պայմանն է ''հասարակաց արժէքներն ու իրաւուքները'', որոնք արմատացած են ամէն անհատի արժանաւորութեան մէջ, մատնանաշելով թէ քրիստոնէական հաւատքը ոչ միայն արգելք չէ այլ եւ կը սատարէ այդ փնտռտուքին։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս ընդգծեց այն սկզբունքները որոնք կը հային մարդակային կեանքի պաշտպանութեան՝ յղացումէն մինչեւ բնական մահը, ամուսնութիւնը, կրօնական ազատութիւնը եւ դաստիարակութիւնը։ Եւրոպական հաստատութիւնները կանչուած են վճռական ու հրատապ պատասխան տալու այս բոլոր մարտահրաւէրներուն։

Հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով.՜՜ Ս. Աթոռի ներկայացուցիչները միջազգային հաստատութիւններու մէջ յաճախ իրենց միջամտութիւնը կը բերեն, պաշտպանելու՝ քրիստոնէական արժէքները արեւմտեան ընկերութեան մէջ որ յաճախ յարաբերականութեան նշաւակ է՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.