2010-09-10 12:46:31

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Պատգամը Հրեայ Համայնքի Տօնակատարութիւններու առթիւ:


Հռոմի Հրեայ համայնքի՝ Րոշ Հա Շանա 5771, Եոմ Գիբբուր, Եւ Սիւգգոթ տօնակատարութիւններու առթիւ,Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը պատգամ մը ուղղած է Հռոմի Ռաբունապետ՝ Րիգգարտօ Սէնյի-ին, որուն մէջ յայտնած է իր շնորհաւորութիւնները, մաղթելով՝ Արարիչին օրհնութիւնը։՜՜ Թող այս տօները մեր մէջ արթնցնեն արդարութիւնն ու խաղաղութիւնը տարածելու կամքը, որոնց կարիքն ունի մեր աշխարհը՝՝ գրած է Նորին Սրբութիւնը։ Յայտնելով իր երախտագիտական զգացումները եւ հայցելով Երկնային բարիքները Հռոմի Հրեայ Համայնքին Սրաբազան Քահանայապետը կ՜եզրափակէ իր պատգամը մաղթելով եղբայրական փոխյարաբերութիւններու աճումը թէ Հռոմի եւ թէ Համայն աշխարհի մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.