2010-09-10 13:37:55

Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Իրան Պիտի Երթայ։


Նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Իրան Պիտի Երթայ։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան յառաջիկայ տասը օրերուն ընթացքին Իրան պիտի այցելէ։ Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում պիտի ունենայ Իրանի բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն հետ, պիտի քննարկէ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային հարցեր։
Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Գրիգոր Առաքելեան յայտնած է, որ այցելութիւնը կը կատարուի իրանական կողմին հրաւէրով։ Ան աւելցուցած է, որ այցելութեան ընթացքին պիտի քննարկուին երկկողմանի յարաբերութիւնները ընդլայնելու եւ զարգացնելու հեռանկարները։
Սեպտեմբերի 11-էն Հոկտեմբեր 22 տեղի պիտի ունենայ 4-րդ Երեւանեան միջազգային երաժշտական փառատօնը։ Այս մասին Tert.am-ին տեղեկացուց Պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբի փոխ տնօրէն Դաւիթ Թերզեանը։ Բացման համերգին՝ Սեպտեմբեր 11-ին, հանդէս կուգայ ֆրանսացի դաշնակահար Ֆրանսուա-Ֆրեդերիկ Գին։ Համերգին պիտի հնչեն Պրամսի եւ Շոստակովիչի ստեղծագործութիւնները։







All the contents on this site are copyrighted ©.