2010-09-10 13:34:32

Էդկար Յովհաննիսեան. «ՄԱԿ-ի կողմէ Ադրբեջանի բանաձեւի նախագծի չքննարկումը Հայաստանի դիւանագիտութեան յաջողութիւնն է » .


ՄԱԿ-ի գլխաւոր Ժողովի Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ Ադրբեջանի կողէ յառաջ տարուած բանաձեւի նախագծի չքննարկումը Հայաստանի դիւանագիտական յաջողությունն է: Այսօր ( ուրբաթ 10 սեպտեմբեր) լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ, անդրադառնալով Ադրբեջանի կողմէ բանաձեւի նախագծի` քուէարկութեան հանելու նպատակին , նման տեսակետ յայտնած է պատմական գիտութիւններու թեկնածու՝ էդկար Յովհաննէսեանը:
Ըստ անոր հարցը չքննարկելու որոշումը երկու պատճառներ ունի` նախ այն, որ հայկական դիւանագիտութիւնը յստակ աշխատանքներ տարաւ որպէսզի հարցը չըմտնէ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովի նստաշրջան, եւ երկրորդ` գերտերութիւնները չեն փափաքիր որ ԼՂ հարցը դուրս գայ ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խմուբի շրջանակներէն:
Իսկ Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեանը կից հանրային խորհուրդի անդամ, ռազմական փորձագէտ Դավիթ Ջամալեանը նշեց, որ եթէ նոյնիսկ բանաձեւի նախագիծը ընդունուէր, այդ իրաւական ուժ չէր ունենար եւ վտանգ չէր ներկայացնէր, ի բաց առեալ ` գերտերութիւններու ի նպաստ քուէարկումը։ «Ադրբեջանը կը փորձէ միջազգային հանրութեան շրջանակներէ ներս ներմուծել «բռնագրաւուած տարածքներ» հասկացողութիւնը , Հայաստանը պէտք է լուրջ աշխատանքներ տանի եւ հետեւողական ըլլայ այդ հարցի հետ կապուած ճշգրիտ եզրեր շրջանառելու համար»,-ընդգծած է Դաւիթ Ջամալեանը:







All the contents on this site are copyrighted ©.